ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Յուլիսի առաջին շաբաթավերջին, մեծ յաջողութեամբ իրագործուեցան ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 36րդ մարզախաղերը եւ այդ առիթով կազմակերպուած փառատօնն ու փակման հանդիսութիւնը՝ մեծ գոհունակութիւն պատճառելով եւ մանաւանդ յուսադրելով անոնց ականատես տասնեակ հազարաւոր ՀՄԸՄասէր հայ հասարակութիւնը:
Այս տարի, այնքան ալ զբաղած չըլլալով Նաւասարդեանի կազմակերպչական աշխատանքներով՝ անձնական մեծ գոհունակութեամբ հետեւեցայ ընթացող մարզական մրցումներուն, փառատօնի յայտագիրներուն, զրուցեցի հանդիպած վաղեմի եւ ներկայի բարեկամներուս, միութենական քոյր-եղբայրներուս հետ եւ հոգեկան մեծ գոհունակութիւն ստացայ փոխանցուած տեղեկութիւններէն: Ամէն ինչ հաճելի ու զուարթ էր:
Մօտէն հետեւեցայ Նաւասարդեանի փակման հանդիսութեան եւ յատկապէս սրտիս մօտիկ՝ փառահեղ տողանցքին, որ գլխաւոր առանցքն էր եզակի այդ հանդիսութեան, բնականաբար՝ յաղթանակի բաժակներու յանձնումէն ետք:
Մինչ տողանցող խումբերը անձնապէս կը խրախուսէի իմ «պռաւօ»ներովս, յիշողութիւնս ետեւ կը տանէր զիս եւ կը յուշէր ինծի հոգեհարազատ այն եղբայրներս, որոնց բացակայութիւնը այնքա՛ն զգալի էր: Մինչ օրուան խօսնակները իրենց յայտարարութիւնները կը կատարէին, ես կամայ-ակամայ կը զգայի բացակայութիւնը հանգուցեալ Կարպիս Շխրտըմեանին, որ երկար տարիներ Նաւասարդեանի սիրելի մեր խօսնակն էր եւ որուն գեղեցիկ բացատրութիւններուն եւ տիրական ձայնին ծանօթ էին բոլորը:
Աչքս դարձուցի պատուոյ հարթակի յաջորդող շարքերուն, ուր ընդհանրապէս տեղ կը գրաւէին վաստակաշատ ՀՄԸՄականներ, անցեալի պատուոյ նախագահներ եւ «Տիպար ՀՄԸՄական»ի տիտղոսին արժանացած քոյր-եղբայրներ, ու նշմարեցի, թէ որքա՜ն պակսած էր անոնց թիւը: Քանի-քանի՜ վաստակաշատ ՀՄԸՄականներ հրաժեշտ տուած էին այս կեանքին: Հոն չէր մեր շատ սիրելի Ժիրայր Պոյաճեանը, որ ՀՄԸՄականի իսկական տիպար մըն էր եւ իրմով սկսաւ «Տիպար ՀՄԸՄական»ներու շարքը: Եղբօր հետ քանի անգամներ մասնակցած էի ՀՄԸՄի շրջանային ու ընդհանուր ժողովներու եւ օգտուած անոր խորհուրդներէն:
Հոն չէր նաեւ Պարգեւ Շիրինեանը՝ բոլորին ծանօթ Հրազդանը, որուն հետ երկար տարիներ աշխատելով «Ասպարէզ»էն ներս՝ կրցած էի թղթակցութիւններս բարելաւել՝ յստակ ու ճիշդ նկարագրականներով: Այնքա՜ն գեղեցիկ կատակներով իր ճշդումները կը կատարէր եւ օգտաշատ ուղղութիւններ կու տար, ինչի համար ալ մեծապէս երախտապարտ եմ:
Իսկ Սեւակ Սակինեանին 1977ին հպարտանքով ծանօթացած էի Պարսկաստանի մէջ, ուր ՀՄԸՄի Լիբանանի սկաուտական պատուիրակութեան իբրեւ պատասխանատու հրաւիրուած էի: Այնուհետեւ, Ամերիկայի մէջ զինք ճանչցած էի իբրեւ ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի վարիչ տնօրէն, որուն քաղաքավար մօտեցումն ու տիրական ներկայութիւնը միշտ ալ տպաւորած էին զիս:
«Տիպար ՀՄԸՄական»ներ Ճամիլ Սարգիսեանին ու Յարութ Հալէպլեանին ծանօթ էի իբրեւ երկարամեայ ծառայութիւն մատուցած վաստակաշատ ՀՄԸՄականներ, որոնք յարգանքը կը վայելէին իրենց շրջապատին: Հանգուցեալ Մարտիկ Յովսէփեանին ծանօթացած էի ՀՄԸՄի 14րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնելուն առթիւ, եւ իբրեւ թղթակից՝ ծանօթացած էի անոր միութենական գնահատելի կեանքին:
Ինչպէս մոռնալ Յարութ Բարսեղեանը, յաւիտենական այն ՀՄԸՄական սկաուտը, որ շրջանի ՀՄԸՄի հիմնադիրներէն մէկը ըլլալու բախտաւորութիւնը նաեւ վիճակուած էր անոր: Քանի-քանի անգամներ իրմէ լսած էի շրջանի ՀՄԸՄի հիմնադրութեան մասին. հաճոյքով եւ հպարտութեամբ կը պատմէր ամենափոքր մանրամասնութիւնն իսկ՝ առասպելական երեւոյթի վերածելով իւրաքանչիւր դրուագ:
Հապա 1997ի «Տիպար ՀՄԸՄական» Ճագ Տէր Պօղոսեանը, բոլորիս սիրելի «Պեխ»ը, որուն հաճոյալի կատակները կարելի չէ մոռնալ: Թէեւ հանգուցեալ եղբօր դամբանականը ես կարդացի, սակայն ան ինձմէ նեղացած հեռացաւ, որովհետեւ իրեն յանձնելի երկու գիրքեր սեղանիս դարակէն չքացած էին եւ զորս դեռ կը փնտռեմ՝ խիղճս մաքրելու համոզումով:
Արդեօք կարելի՞ էր մոռնալ ՀՄԸՄի «Շան»չ մասնաճիւղի հիմնադիր ատենապետ, ֆութպոլի մարզիկ Կարպիս Էօլմէսաքեանը, որուն հետ, իբրեւ ատենի շրջանային վարչութեան անդամ գործակցած էի Քրեսենթա հովիտի «Շան»չ մասնաճիւղի հիմնադրութեան գծով: Ան խանդավառ էր իր մասնաճիւղի հիմնադրութեամբ: Կը յիշեմ զինք նաեւ 2001ին, Լիբանանի մէջ կազմակերպուած Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերուն, ուր յատուկ հպարտանքով մարզական իր տարազը հագած մարզադաշտ իջաւ՝ իբրեւ Վեթերան ֆութպոլիստ, եւ ափսոսաց, որ շատ կարճ մնաց մարզադաշտին վրայ:
Իսկ ո՞վ չի յիշեր Յակոբ Օվայեանը, շրջանի առաջին շրջանային վարչութեան ատենապետն ու 1999ի «Տիպար ՀՄԸՄական»ը, որուն շրջանային վարչութեան ատենապետութեան օրերուն սկիզբ առին ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերը եւ այնուհետեւ եզակի երեւոյթ հանդիսացան հայկական մեր իրականութեան մէջ:
Այսօրուան պէս կը յիշեմ, երբ 1986ին գումարուած շրջանի ՀՄԸՄի Շրջանային ներկայացուցչական ժողովին առաջարկ ներկայացուեցաւ, որ ՀՄԸՄը ունենայ իր թանգարանը: Ժողովական մը համեստաբար հարց տուաւ, թէ ի՞նչ պիտի պահուի այդ թանգարանին մէջ: Հանգուցեալ «Պէխ»ը առանց վառանելու պատասխանեց. «Եղբ. Օվայեանը»՝ խնդուքի հսկայ ալիք մը բարձրացնելով ժողովասրահէն ներս: Այսօր այդ առաջարկը իրականացած է: ՀՄԸՄի նոր կեդրոնէն ներս գոյութիւն ունի ՀՄԸՄի թանգարանը, որ հանգուցեալ Յակոբ Օվայեանի յիշատակին անուանուած է՝ իր ընտանիքին հովանաւորութեամբ:
Պէտք է ընդգծեմ, որ դժբախտաբար մեզմէ հեռացող ՀՄԸՄականներուն մեծամասնութիւնը ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի վաստակաշատ անդամներ են, որոնց հետ աշխատելու բարեբախտութիւնը ունեցած եմ: Անոնց կարգին էր նաեւ 2007ի «Տիպար ՀՄԸՄական» Նիկոլ Արզումանեանը՝ ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի այն գանձապահը, որմէ անկարելի էր փախուստ տալ, երբ կարգը գար ցենզի վճարման: Խիստ ու պահանջկոտ էր՝ միաժամանակ ընկերասէր ու հաճոյախօս:
Եւ ինչպէս չխոնարհիլ շրջանի ՀՄԸՄի մեծագոյն կտակարար հանգուցեալ Երուանդ Սիսեանի յիշատակին առաջ: Համեստ այն մարդուն, որուն հազիւ իբրեւ կտակարար ծանօթացանք ու այնուհետեւ, մինչեւ իր մահը չտեսանք զինք: Կը յիշեմ անոր մասին Չարլի Կալեանի պատմած պատմութիւններէն մին, երբ պատահաբար տեսնելով զինք՝ հարց տուած էր, թէ ո՞ւր է, չերեւիր. կտակարարը կատակով պատասխանած էր. «Ո՞ւր երեւիմ, հաւանաբար զիս տեսնողները պիտի ըսեն, թէ դեռ չմեռաւ այս մարդը, որպէսզի կտակը ստանանք»: ՀՄԸՄը ստացաւ եղբայր Սիսեանի կտակը եւ այսօր ՀՄԸՄի Թքույա բանակավայրը իր յիշատակին նուիրուած է. հոն, ըստ իր փափաքին, հայ երիտասարդութիւնը կը բանակի եւ հայեցի դաստիարակութիւն կը ստանայ:
Անկարելի է մոռնալ նաեւ շրջանի ՀՄԸՄի տիտաններէն Քերոբ Առաքելեանը, ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի հիմնադիրներէն մին, որուն վաստակը մեծ է ՀՄԸՄէն ներս:
Իսկ 1998ի Պատուոյ նախագահներ եւ ՀՄԸՄի կտակարարներ Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեաններու՝ ՀՄԸՄին ձգած կտակին շնորհիւ, ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը կը վայելէ լայն հնարաւորութիւնները Հոլիվուտի Հայ կեդրոնին. անոնց անունը անմահացած է այդ կեդրոնէն ներս եւս: Այս անբաժան սիրալիր զոյգը մօտէն ճանչնալու առիթը ունեցած էի եւ այնքա՜ն հմայուած անոնց համեստութեամբ եւ ազգանպաստ մօտեցումներով, մանաւանդ՝ իրենց կեանքի դրուագներով: Անոնք դժուարութեամբ ընդունեցին ՀՄԸՄի 23րդ Մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը՝ միշտ համեստ կեցուածք ցուցաբերելով:
Շատ դժուար է քանի մը տողերու մէջ ներկայացնել այնքա՛ն սիրելի հանգուցեալ այս ՀՄԸՄականները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը գանձ մըն էր եւ իր արդար տեղը ունէր շրջանի ՀՄԸՄի պատմութեան մէջ:
Վերջին կորուստը Կարպիս Շխրտըմեանն էր, որուն հետ մօտէն գործակցած էի թէ՛ իբրեւ ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի եւ թէ իբրեւ երկար տարիներու շրջանային վարչութեան անդամ: Վաղամեռիկ եղբօր մահը ցնցեց մեզ բոլորս:
Պէտք է խոստովանիլ, որ անձնապէս եւ ինծի պէս շատեր, կամայ-ակամայ օգտակար դասեր քաղեցին ակնարկուած իւրաքանչիւր հանգուցեալ ՀՄԸՄականէն: Թէկուզ ատենին դժկամութեամբ, բայց եւ այնպէս շատ բաներ սորվեցանք անոնց փորձառութիւններէն, որոնք երբեմն չափազանցութիւն թուացած էին մեզի:
Անոնք հեռացան, սակայն իրենց ետին ձգեցին միութենական գեղեցիկ ժառանգներ, որոնք վստահաբար մոռացութեան պիտի չմատնուին եւ պիտի փոխանցուին սերունդէ-սերունդ:
Շատ սիրելի ՀՄԸՄական տիտաններ, յարգանքո՛վ կը խոնարհիմ ձեր յիշատակին առաջ: Դուք եղաք այդ սերունդին ներկայացուցիչները, որ շարունակեց հարթ ճանապարհ բանալ ՀՄԸՄի նորահաս սերունդներուն առաջ: Վստահ եղէք, որ ձեր զոհողութիւնները արդիւնաւորուած են եւ այսօր, շրջանի ՀՄԸՄի ընտանիքը բազմացած շարքերով կը շարունակէ ձեր սկսած սրբազան գործը, զոր դուք ե՛ւս ժառանգած էիք ձեր մեծերէն:
Քնացէք հանգիստ: Քնացէ՛ք խաղաղ: