
ՍԻՏՆԻ.- Չորեքշաբթի, Յուլիս 27ին, Աւստրալիոյ Հայ եկեղեցւոյ խորհուրդը, հովանաւորութեամբ Աւստրալիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Աղան արք. Պալէօզեանի, հիւրընկալեց մրցանակակիր «Արարատից Սիոն» վաւերագրական ժապաւէնի բեմագիր եւ արտադրող Մեսրոպ քհնյ. Արամեանը եւ երեցկինը:
Տէր հայրը Աւստրալիոյ թեմ հրաւիրուած էր ներկայ գտնուելու «Արարատից Սիոն» ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութեան, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Յուլիս 29ին, 400 հոգինոց լեցուն սրահին մէջ, իսկ երկրորդ ցուցադրութիւնը կայացաւ Կիրակի, 31 Յուլիսին:
«Արարատից Սիոն»ը կը հետեւի վառ քրիստոնէական շրջանին դէպի Երուսաղէմ հայկական ուխտագնացութեան ոտնահետքերուն:
Ժապաւէնը առաջին անգամ ցուցադրուած է 2010ին, Երեւանի Մէջ: