Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Խօսելէ առաջ այս նիւթին մասին պարտաւոր կը զգամ անդրադառնալ հետեւեալ երկու կէտերուն՝
1. Մորթը կազմուած է երեք խաւերէ՝ վերնամորթ (epidermis), ենթամորթ (dermis) եւ ներքնամորթ (subcutaneous tissue):
Մորթին տեսանելի խաւը վերնամորթն է եւ միակ խաւն է որ շարունակ կը նորոգուի եւ կը վերակենդանանայ: Անոր մէջ կը գտնուին melanocyte կոչուող բջիջները, որոնք կ՛արտադրեն մորթին գունաւորում տուող melanine կոչուող նիւթը:
Ենթամորթը հարուստ է զարկերակներով (artery), երակներով (veins), ջիղերով, քրտինքի գեղձերով (sweat glands) եւ մազի արմատներով.
2. Մորթը ունի կարեւոր պարտականութիւններ՝ ան կը պաշտպանէ մարմինը շրջապատի մանրէներէն ու ժահրերէն եւ կը կանոնաւորէ մարմինի հեղուկային իրավիճակն ու ջերմութիւնը:
Ուրեմն վերադառնանք մեր նիւթիւն:
Արեւը կը լուսաւորէ ամբողջ աշխարհը եւ մենք բոլորս կը վայելենք անոր ջերմութիւնը: Երկրագունդին լուսաւորումը եւ ջերմութիւնը նոյնը չէ ամէն տեղ: Ամէն մէկ երկիր իր աշխարհագրական դիրքին համաձայն կը վայելէ արեւու լոյսը եւ ջերմութիւնը: Այս երկու հիմնական օգուտներուն կողքին արեւուն ճառագայթները հասնելով մեր մարմինի մակերեսը կը թափանցեն մորթին մէջ եւ հոն բնախօսական (physiologic) ներգործութիւններու ենթարկուելէ ետք կ՛արտադրուի մարմինին համար շատ կարեւոր D կենսանիւթը:
Դրական այս երեւոյթներու կողքին արեւը ունի նաեւ իր ժխտական անդրադարձը մեր կեանքին եւ մեր առողջութեան վրայ: Այս ժխտական անդրադարձը հետեւանքն է արեւու ճառագայթներուն ունեցած ազդեցութեան մեր մարմինի մակերերսին վրայ, այլ խօսքով մեր մորթին վրայ:
Արեւը կը ճառագայթէ (emit) տարբեր չափի ուժգնութեամբ անդրամանիշակագոյն ճառագայթներ (UVL), որոնցմէ միայն միքանի հատը կը հասնին մեր մարմինի մակերեսը, մասնաւորաբար՝ UVA եւ UVB ճառագայթները:
Մեր մարմինի մորթը ենթակայ ըլլալով արեւու ճառագայթներուն՝ կը յառաջանան շատ մը մորթային փոփոխութիւններ եւ հիւանդագին երեւոյթներ, որոնց տարողութիւնը կախեալ է ճառագայթներու զօրութենէն եւ տեւողութենէն: Իսկ ճառագայթներու ազդեցութիւնը մարմինի մակերեսին վրայ կախեալ է՝ տարուան եղանակներէն, մթնոլորտային փոփոխութիւններէն, երկիրի շրջապատի ozon-ի քանակէն, մեր հագած հագուստներու տեսակէն եւ որակէն, մեր ապրելակերպէն-կենցաղէն, մեր աշխատանքի վայրէն եւ ձեւէն, ինչպէս նաեւ մեր ապրած վայրի ծովու մակերեսէն ունեցած բարձրութենէն: Ուրեմն արեւու ճառագայթները մեր մորթին վրայ կը յառաջացնեն ժամանակաւոր կամ մնայուն-երկարատեւ մորթային անբնական երեւոյթներ եւ հիւանդութիւններ:
Մարդիկ նոյն չափով եւ նոյն ձեւով չեն վնասուիր արեւու ճառագայթներէն, որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի իրեն յատուկ զգայնուտութիւն (sensitivity) հակազդելու (respond) այս ճառագայթներուն:
Արեւուն ճառագայթները թափանցելէ ետք մորթին մէջ կը յառաջացնեն մորթային հետեւեալ ախտաբանական փոփոխութիւնները եւ հիւանդութիւնները՝
Ա. Մորթի տարեցութիւն (aging), որ կը յատկանշուի հետեւեալ երեւոյթներով՝
ա. Կնճիռներու (wrinkles) յայտնութիւն դէմքին վրայ.
բ. Մորթի կարծրութիւն եւ կոշտութիւն.
գ. Մորթի հիւծում (atrophy).
դ. Վերնամորթի գերաճում կամ պնդացում (keratosis), որ կը յայտնուի կարմիր-վարդագոյն, կեղեւաւորուած եւ չորցած մորթի սպիացումներով:
Ճեմակամորթներ եւ դեղին-կարմիր մազեր ունեցողներ առաւելաբար ենթակայ են այս բարդութեան, իսկ սեւամորթները պաշտպանուած են անկէ:
ե. Կէտաւոր գերգունաւորում (hyperpigmentation).
զ. Մորթի նրբանօթներու (capillaries) լայնացում ((telangiectasia):
Բ. Վերնամորթին մէջ գտնուող մորթին գունաւորման բջիջները արագօրէն կ՛արտադրեն մեծ քանակութեամբ melanine, որ մորթին կու տայ սրճագոյն կամ մութ-թուխ գունաւորում (taning):
Գ. Մորթին մէջ գտնուող մարմինի դիմադրողականութեան (immunity) հետ կապ ունեցող յատուկ բջիջները կը վնասուին: Հետեւաբար՝ մարմինի դիմադրողականութիւնը որոշ չափով կը խանգարուի եւ տեղի կու տայ կարգ մը մորթային հիւանդութիւններու յայտնաբերումին:
Դ. Լուսազգացողականութիւն-զգայնոտութիւն (photosensitivity), որ կը զարգանայ կարգ մը դեղերու գործածութեամբ կամ ներգործութեամբ (interaction):
Ե. Զանազան աստիճանի մորթի այրուածքներ (skin burns), որոնք կը յառաջանան արեւու ճառագայթներու ուղղակի մորթին մէջ թափանցումէն: Արեւու ճառագայթներ անցնելէ ետք ամպերու մէջէն եւ կամ 30 սմ. խորութեամբ ջուրի մէջէն կրնան նոյնպէս յառաջացնել մորթի այրուածքներ:
Զ. Մորթի գերզգայնութիւն-զգացողութիւն (allergy, sensitivity), որ կը դրսեւորուի մոլագար-եղճատենդ (urticaria): Այս մէկը կը յատկանշուի վարդագոյն-կարմրագոյն մորթային ուռեցքներով կամ բիծերով եւ սաստիկ քերուըտուքով: Մոլագարը կրնայ յայտնուիլ երկու ձեւով՝
ա. Տեղայնական, այսինքն՝ միայն մարմնի մակերեսի որոշ մէկ մասին վրայ.
բ. Համայնական, այսինքն՝ ամբողջ մարմնին վրայ:
Է. Մորթային լաւորակ եւ վատորակ ուռեր:
Ը. Արեւահարութիւն (sun burn), որուն ախտանշաններն են՝
ա. Մորթի կարմրութիւն, ցաւ եւ այրուածք, փշտիկաւոր ուռեցք.
բ. æերմ, դող, յոգնածութիւն, բլուզում.
գ. Մորթի երկրորդկան բորբոքում.
դ. Բացայայտ մարմնական գերջերմաստիճան-գերտենդ (hyperthermia, high fever).
ե. Արագ սրտի զարկ եւ շնչասպառութիւն.
զ. Գիտակցութեան խանգարում եւ շփոթութիւն.
է.- Մարմնական ցնցումներ.
ը.- Գիտակցութեան կորուստ եւ մահաքուն:
Ձիւնը, աւազը եւ պայծառ օդը կ՛արտացոլեն (reflect) արեւու ճաթագայթները, որոնք կրկնակի կը նպաստեն արեւահարութեան:
Երկրի շրջապատի ozon-ի նուազումով կը բազմապատկուի արեւահարութեան կարելիութիւնը:
Արեւահարութիւնը կարելի է կանխարգիլել հետեւեալ միջոցառումներով՝
1. Ամառ եղանակին լողալ առաւօտեան ժամը 11էն առաջ եւ կէսօրէն ետք ժամը 3էն ետք, այսինքն՝ չլողալ ժամը 11-3ի միջեւ, որոհետեւ այս ժամանակամիջոցին արեւու ճառագայթները առաւելագոյն չափով կը վնասեն մորթին եւ կը յառաջացնեն մորթային զանազան աստիճանի այրուածքներ.
2. Ամառ եղանակաին առաջին անգամ 30 վայրկեանէն աւելի ենթակայ չըլլալ արեւուն ճառագայթներուն.
3. Ծովուն մակերեսէն բարձր վայրերու մէջ շատ չլողալ, որովհետեւ այս բարձր վայրերուն մէջ արեւու ճառագայթները աւելի շատ կը վնասեն մորթին.
4. Երկար ժամեր ենթակայ չըլլալ արեւուն ճառագայթներուն.
5. Հագնիլ այնպիսի հագուստներ, որոնց մէջէն արեւու ճառագայթները դիւրաւ չեն անցնիր, օրինակ՝ ճերմակ եւ բաց գոյն հագուստներ.
6. Արեւուն տակ գործածել գլխարկ՝ պաշտպանելու համար գլուխը, երեսը, վիզը եւ ծոծրակը.
7. Արեւու տակ գործածել ակնոցներ՝ պաշտպանելու համար աչքերը.
8. Լողալէ առաջ եւ վերջ գործածել յատուկ պաշտպանակ օծաններ (sunscreens), որոնք մասնակիօրէն արգելք կը հանդիսանան ճառագայթներու թափանցումին: Կան երկու տեսակ օծաններ, որոնք ունին տարբեր յատկութիւններ՝
ա. Պաշտպանակ օծաններ որոնք կը ներծծեն արեւու ճառագայթները եւ կը գործեն իբրեւ քիմիական պատնէշներ.
բ. Պաշտպանակ օծաններ որոնք կ՛արտացոլեն, ետ կը մղեն արեւուն ճառագայղները եւ կը գործեն որպէս ֆիզիքական պատնէշներ:
Այս պաշպանակ օծանները կրնան յառաջացնել մորթի գերզգայնութիւն: