ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, մինչեւ Սեպտեմբեր ժամանակ տուաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանին, որպէսզի վերջինս կողմնորոշուի եւ ճշդէ իր պատուիրակները՝ բանակցելու համար ՀԱԿի արդէն իսկ նշանակուած խումբին հետ:
Սերժ Սարգսեան, իր Յունիս 17ի ելոյթով պատասխանած էր ՀԱԿի պահանջներուն եւ յստակ դարձուցած, թէ ինք մտադիր չէ պատուիրակութիւն կազմել եւ երկխօսութիւնը յառաջ տանիլ այդ ձեւաչափով:
Հիմա, Լեւոն Տէր Պետրոսեան, պատասխանելով Սերժ Սարգսեանին, կը յստակացնէ, որ ՀԱԿի համար միակ ընդունելի տարբերակը՝ հաւասարէ հաւասար բանակցիլն է՝ երկու կողմերը ներկայացնող պաշտօնական պատուիրակութիւններով, որոնց մէջ իշխանութեանց կողմէն կրնան ընդգրկուիլ նոյնիսկ կենդանական աշխարհէն մարդիկ (ակնարկը կ՛երթայ Ազգային ժողովի նախագահին, որուն «մուկ» մակդիրը ժողովրդականացած է):
Բանակցութեանց օրակարգն ալ ՀԱԿի կողմէ կանխորոշուած է՝ արտահերթ ընտրութիւններ եւ սահմանադրական կարգի վերականգնում: Երկրորդը մեկնաբանութեան հարց է, անշուշտ, ու նախագահը կրնայ այդ օրակարգը իւրովի մեկնաբանելով՝ լուծում մը տալ անոր: Արտահերթ ընտրութիւններու հարցը, սակայն, պիտի դառնայ այս երկխօսութիւնը փակուղիի առաջնորդող ազդակը, պարզ այն պատճառով, որ նախագահին ու իր կողմնակիցներուն համար բացարձակապէս անընդունելի է առնուազն նախագահական արտահերթ ընտրութիւններու գաղափարը:
Այս առաջին պահանջքի քննարկման ճամբով հնարաւո՞ր է, որ ՀԱԿը բաւարարուի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններով: Նման տարբերակի ընդունման պարագային, Տէր Պետրոսեան անգամ մը եւս կրնայ յայտարարել, թէ իշխանութեանց կրցած է մղել զիջումի, միեւնոյն ժամանակ տիրանալով խոստացուած կամ առաջարկուած աթոռներու խմբաքանակին՝ խորհրդարանէն ներս:
Յամենայնդէպս, առայժմ, ՀԱԿի երկխօսելու տրամադրութիւնը կրնանք բնութագրել վճռական, բայց՝ նաեւ պատրաստ՝ ձգձգումներու:
Պր. Լեւոն Տեր-Պետրոսեանին հեղուկային ուղեղը եթէ զինք չ՛լքէ՝ թերևս.