ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ, ՀՀ բռնցքամարտի դաշնութեան առաջին փոխնախագահ Դերենիկ Գաբրիէլեան կը յայտնէ, որ Հայաստանի բռնցքամարտիկները Սեպտեմբեր-Հոկտեմբերին Պաքուի մէջ կայանալիք բռնցքամարտի առաջնութեան մասնակցելու պատրաստ են հակառակ այն իրողութեան, որ իրենց կը սպասեն որոշ բարդութիւններ:
Գաբրիէլեան նշեց, որ հայ բռնց-քամարտիկները առաջին անգամ չէ, որ Պաքու պիտի մեկնին, եւ որ անձամբ ինքն ալ Ատրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ քննութիւն յանձնած է՝ բռնցքամարտի միջազգային կարգի մրցավարի իր կարգավիճակը վերահաստատելու համար: Անոր խօսքով՝ ի վերջոյ, աշխարհի առաջնութեան մրցաշարքի 1-8րդ տեղերը գրաւած մարզիկները կը նուաճեն 2012ի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու ուղեգիրներ, եւ ասիկա կարելի չէ հաշուի չառնել: