Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ ՌԱԿի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան եւ «Նոր Օր» շաբաթաթերթին, Չորեքշաբթի, Յունիս 15ի երեկոյեան, առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարման հանդիսութիւն եւ գինեձօն՝ նուիրուած լիբանանահայ բազմահմուտ մտաւորական Պարոյր Աղպաշեանի 40ամեայ հրապարակագրական եւ հասարակական գործունէութեան:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր դոկտ. Մինաս Գոճայեան: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Սրբազանը իր փակման խօսքին մէջ ըսաւ. «Պարոյր Աղպաշեան՝ մշակ, հրապարագիր, խմբագիր, հայրենական շունչով հարուստ այն անձն է, որ հոգիներ կերպարանափոխած է: Պարոյր Աղպաշեան անձը լաւագոյնս ճանչնալու համար պէտք է ընթերցել անոր վերջին աշխատասիրութիւնը՝ «Պատառիկներ Մեծերին», որովհետեւ միայն այն ժամանակ կը հասկնանք, որ հեղինակը իր մէջ կը կրէ մեծերուն էութիւնը»:
Յայտագիրի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: