Կիրակի, Մայիս 22ին, Քրեսենթա Հովիտի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին շրջանի երեխաներուն, երիտասարդութեան ու անոնց ծնողներուն
ներկայացուեցան ամառնային ծրագիրներու շարք մը, որ պիտի իրականացուի շրջանին մէջ:
Ձեռնարկը, որուն ներկայ էր աւելի քան հարիւր հոգի, կազմակերպուած էր Հայ կեդրոնի համայնքային յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ:
Շրջանէն ներս գործող շարք մը կազմակերպութեանց եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչները տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց ամառնային ծրագիրներուն մասին, որոնց
նպատակն է՝ երեխաներուն ամառնային արձակուրդը աւելի արդիւնաւէտ դարձնել: Տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն, ինչպէս նաեւ երաժշտական եւ այլ ներկայացումներ՝
տեղեկատուական հաւաքը հաճելի հաւաքոյթի մը վերածելով:
Ծնողները շնորհակալութիւն յայտնեցին կազմակերպիչներուն՝ իրենց հետ տանելով ծրագիրներուն մասին բացատրական թերթիկներ ու դիմումնագիրներ: