ԵՐԵՒԱՆ.- Ըստ «Հրապարակ» թերթի տեղեկութիւններուն, նախօրէին, Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախապատրաստութեան փակ ժողովին, որուն մասնակցած էին նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ Սփիւռքի շարք մը ներկայացուցիչներ, Րաֆֆի Յովհաննէսեան հարց ուղղած է Սերժ Սարգսեանին, թէ՝ հնարաւո՞ր է ետ կանչել ստորագրութիւնները հայ-թրքական արձանագրութիւններէն:
Ի պատասխան՝ Հայաստանի նախագահը յորդորած է բանավէճի չսկսիլ, մինչ Րաֆֆի Յովհաննէսեան պնդած է, որ Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախապատրաստական աշխատանքներու մասնակիցներուն համար, ատիկա կարեւոր է: «Ես ոչինչ չեմ բացառում», յայտարարած է Սերժ Սարգսեան:
Թերթը կը նշէ, թէ Մայիս 31ին, երբ Ազատութեան հրապարակին վրայ սկսած էր ՀԱ Կոնգրեսի հանրահաւաքը, թերթին լրագրողը հանդիպած է Րաֆֆի Յովհաննէսեանին, եւ անոր հարց ուղղած է, եթէ իսկապէս նման բան տեղի ունեցած է։
«Այո, ճիշդ է այդ տեղեկութիւնը: Վատ սկիզբ չէ, որ չի բացառուիր ստորագրութիւններու յետկանչը, բայց յոյսով եմ, որ այդ պատասխանը առաւել ամբողջական պիտի դառնայ, քանի դեռ ուշ չէ», լրագրողին ըսած է Րաֆֆի Յովհաննէսեան: