ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական լրատուամիջոցները, վկայակոչելով երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը՝ Չորեքշաբթի, Յունիս 1ին կը հաղորդեն, թէ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն կոչ ուղղած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը արագօրէն լուծելու։
«Անհրաժեշտ է ղարաբաղեան հակամարտութեան շուտափոյթ եւ խաղաղ կարգաւորում: Այդ ուղղութեամբ արդիւնքներ կ՛ակնկալուին», ըսած է ան։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարին ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին մասին տեղեկութիւններ փոխանցած էր Նիւ Եորքի մէջ կայացած խորհրդակցութեանց ընթացքին: