Շաբաթ, Մայիս 14ին, Սանթա Մոնիքայի Ս. Պետրոս եւ Ս. Պօղոս Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ուղղափառ եկեղեցիներու տարեկան չորրորդ միօրեայ հաւաքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ղպտի, Հայց. առաքելական, Ասորի, Անտիոքի, Եթովպիոյ, Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ ուղղափառ եկեղեցիները։
Առաւօտեան ժամը 8։30ին մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն աւարտին ներկաները ստացան Ս. հաղորդութիւն։ Ապա, եկեղեցւոյ կողքի սրահին մէջ անոնք ունեցան միացեալ ճաշ ու ծանօթացում։ Պաշտօնական յայտագիրին, իւրաքանչիւր եկեղեցի, տարբեր լեզուով, սակայն մէկ հաւատքով ներկայացուց իր եկեղեցական շարականներէն ու հոգեւոր երգերէն փունջ մը։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի յանձնարարութեամբ, Ազգ. առաջնորդարանի «Լուսաւորիչ»երիտասարդաց երգչախումբի անդամները եւս այս հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ ղեկավարութեամբ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանի։