ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Հայազգի դատաւոր Մարվին Պեքսթըրի եւ անոր կնկան՝ Ճէյնի, անուան իրաւաբանական նոր կեդրոնի մը բացումը տեղի ունեցած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի «Հէյսթինկզ» իրաւաբանական վարժարանէն ներս, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ: Կեդրոնը Պեքսթըրներու անունով կոչուած է ամոլին կատարած առատաձեռն մէկ նուիրատուութեան շնորհիւ:
Անուանակոչութեան ձեռնարկին ներկայ գտնուած են Պեքսթըրներու ընտանեկան պարագաներն ու բարեկամներ, իսկ խօսք առնողներուն մէջ եղած է նաեւ Քալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ Ճ. Տէօքմէճեան:
Մարվին Պեքսթըր զաւակն է Հայաստանէն Քալիֆորնիա գաղթած հայորդիներու: Ան հասակ նետած է Ֆաուլըրի մէջ ու վկայուած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղէն, վերոյիշեալ իրաւաբանական դպրոցէն, ու շարք մը այլ պաշտօններու կողքին՝ եղած է Քալիֆորնիոյ գերագոյն ատեանի դատաւոր: