
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ճազիրա».- Ըստ չհաստատուած տեղեկութիւններու, Ուրբաթ, Մայիս 20ին Սուրիոյ քանի մը քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ տեղի ունեցած են ժողովրդավարական բարեփոխումներու ի նպաստ ցոյցեր, որոնց ընթացքին սպաննուած են մօտաւորապէս 25 քաղաքայիններ: Զոհերուն մեծ մասը արձանագրուած է Համայի եւ Հոմսի մէջ: Զոհեր արձանագրուած են նաեւ Դամասկոսի Պարզէ արուարձանին ու Տերաայի մօտերը գտնուող Սանամէյն գիւղին մէջ: Ցոյցեր տեղի ունեցած են նաեւ Պանիասի մէջ: