Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
ARPA (Analysis Research & Planning for Armenia) ընկերակցութիւնը, որ մօտաւորապէս 20 տարիէ ի վեր կը գործէ նպաստ բերելու Հայաստանի բարգաւաճման, ունի օգտակար այլ աւանդութիւն մը. ամսական հերթականութեամբ կը կազմակերպէ դասախօսութիւններ, որոնց ճամբով հայկական արժէքներ ու օգտաշատ գիտելիքներ կը ներկայացնէ հանրութեան։
Դասախօսութեանց շարքին նորագոյնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Մայիս 6ին, Հայ աւետարանական «Մերտինեան» վարժարանի սրահին մէջ։ Դասախօսելու հրաւիրուած էր փրոֆ. Գարեգին Չուքասըզեան, որ ըստ բաւականին, մանրամասն կերպով ներկայացուց արդի արհեստագիտութեան միջոցներով պատրաստուած երեք խտասալիկներ, զորս կարելի է կոչել մանր համայնագիտարաններ։
Գ. Չուքասըզեան տնօրէնն է Հայաստանի մէջ գործող «ite» ընկերութեան, որ մասնագիտացած է կայքէջերու զարգացման ու տեղեկութիւններ բովանդակող խտասալիկներու պատրաստութեան մէջ։ Ուրբաթ երեկոյ, ան ընդհանուր գիծերու մէջ խօսեցաւ այս ընկերութեան այն աշխատանքներուն մասին, որոնք տարբեր «գործիքներ»ու միջոցով տեղեկութիւններ կը տեղադրեն խտասալիկներու վրայ։
Տարբեր գործիքներն են բնագիր, պատկեր, երաժշտութիւն, ժապաւէններ եւ այլ միջոցներ (multimedia), որոնք կը ծառայեն նիւթի մը, անձի մը կամ գործի մը ծանօթացման։ Եւ իբրեւ օրինակ, ան համակարգիչի ու սպիտակ պաստառի միջոցով հատուածներ ներկայացուց իրենց պատրաստած երեք խտասալիկներէն, որոնցմէ երկուքը արժանացած են միջազգային մրցանակներու։
Բնականաբար կարելի չէ, որքան ալ երկարապատում կերպով փորձենք, ներկայացնել խտասալիկներուն մասին տրուած բացատրութիւնները, հետեւաբար, պիտի բաւականանանք նիւթերով ու հակիրճ բացատրականներով։ Խտասալիկները ունին հետեւեալ բովանդակութիւնները՝ Արամ Խաչատուրեան, Հայոց Մեծ Եղեռնը (50ամեակին առիթով) եւ Կոմիտաս վարդապետ։
Ինչպէս նշեցինք, իւրաքանչիւր խտասալիկ մանր համայնագիտարան մըն է ընդգրկուած նիւթին մասին։ Արամ Խաչատրեանի ու Կոմիտաս Վարդապետի մասին խտասալիկները կը պարունակեն կենսագրական տեղեկութիւններ, վաստակի պատմութիւն, կարծիքներ՝ այս դէմքերուն մասին, երաժշտական հատուածներ՝ յաճախ տարբեր մեկնաբանութիւններով, ու տակաւին, խնդրոյ առարկայ դէմքերու ապրած ժամանակաշրջաններուն մասին ընդհանուր ծանօթութիւններ, որոնք աղերս ունին անոնց հետ։ Ցեղասպանութեան մասին խտասալիկը ունի բազմաթիւ ենթաբաժանումներ, ուր տեղադրուած են պատմական տուեալներ, պատկերներ, քարտէսներ, վկայութիւններ, ներառեալ՝ Ցեղասպանութեան մասին թրքական խոստովանութիւններ եւ այլն։ Խտասալիկները յայտնապէս պատրաստուած են տուեալ նիւթին կամ անձնաւորութեան մասին ամբողջական ծանօթութիւն փոխանցելու միտումով, սակայն պատրաստողներն ալ գիտեն, որ նիւթերը սպառիչ չեն. դասախօսը հաստատեց, որ խտասալիկներու պատրաստութենէն ետք ալ, նոր նիւթեր ու տուեալներ ձեռք բերուած են, օրինակի համար՝ Կոմիտասի մասին։ Ծրագիրներուն մաս կը կազմէ Կոմիտասի յիշատակին թանգարանի մը հաստատումը, ուր պիտի հաւաքագրուին ձեռք բերուած բոլոր նիւթերը՝ օգտագործելով արդի արհեստագիտութեան ընձեռած կարելիութիւնները։
Քանի մը խօսք՝ մրցանակներուն մասին։ Հպարտառիթ էր իմանալ, որ Արամ Խաչատուրեանի ու Ցեղասպանութեան մասին խտասալիկները 2005ին մասնակցած են միջազգային մրցումի մը, ուր 168 երկիրներէ շուրջ 20,000 նման նիւթեր ներկայացուած էին։ Մրցակիցներու շարքին էին՝ «Պի.Պի.Սի.»ն ու նման տեղեկատուական աշխարհահռչակ հիմնարկներ։ Այս բոլորին մէջ, Արամ Խաչատրեանի մասին տեսանիւթը հանդիսացած է առաջին՝ ոչ միայն իր ծաւալուն բովանդակութեան, այլ նաեւ արդի արհեստագիտութեան միջոցները լաւագոյնս օգտագործած ըլլալուն շնորհիւ։ Նոյն մրցումին ընթացքին, Ցեղասպանութեան մասին տեսանիւթերը արժանացած են յատուկ մրցանակի, որ, քաղաքական հաշիւներու պատճառով, պաշտօնապէս չէ յայտարարուած, թէեւ Գ. Չուքասըզեան մրցանակի ստանձնումի պահուն այդ մասին ակնարկութիւն ըրած է բեմէն՝ շրջելով անտեսումի մօտեցումը եւ, բնականաբար, վրդովմունք պատճառելով Թուրքիան ողոքելու ձգտող «բարեմիտներուն»…
Նշենք, որ խտասալիկները բազմալեզու են. հայերէնին կողքին, նոյն տեղեկութիւնները ներկայ են անգլերէնով ու ռուսերէնով։ Զանոնք ունենալով՝ կարելի է լսատեսողական հնարաւորութեամբ ծանօթանալ նիւթի տարբեր գլուխներուն եւ մանրամասնութիւններուն, նաեւ՝ անկէ նուէր տալ բարեկամի կամ օտարներու, առ ի ծանօթութիւն հայկական արժէքներու եւ պատմական իրողութիւններու։
Դասախօսը ունեցաւ սրտցաւ արտայայտութիւն մը. ան յայտնեց, թէ իր ընկերութիւնը այս խտասալիկներէն որոշ օրինակներ նուէր տուած է հայկական եւ ոչ հայկական հաստատութիւններու, սակայն ցարդ կարելի չէ եղած գտնել գործակից մը, որ Ցեղասպանութեան խտասալիկէն օրինակներ նուէր տար, օրինակի համար, ամերիկեան խորհրդարանի անդամներուն…։ Անոր այս լուռ կոչը հաւանաբար այսուհետեւ գտնէ լսողներ ու ապահովէ գործակիցներ։ Ի դէպ, այլապէս նիւթական հսկայական միջոցներու կարօտող գործերը իրականացած են կարելի նուազագոյն նիւթականով. ընկերութիւնը իբրեւ գործակից ունեցած է Հայաստանի կառավարութեան կարգ մը նախարարութիւնները։ Ընկերութիւնը ներկայիս աշխատանք կը տանի խտասալիկներու նոր շարքի մը պատրաստութեան համար, ծանօթացնելու հայկական այլ արժէքներ։ Իսկապէս օգտաշատ եւ հպարտառիթ աշխատանք, որմէ կրնան օգտուիլ անհատներ, ուսուցիչներ, աշակերտներ, դպրոցներ եւ միութիւններ։ Ահաւասիկ «գործիք» մը, որ նոր սերունդին տրամադրութեան տակ կը դրուի այսօրուան աշխարհին «լեզուով» ու օգտագործման եղանակով։