
ԵՐԵՒԱՆ.- Վենետիկի յանձնաժողովն ու Եւրոպայի մէջ Անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակը դրական եզրակացութիւն տուած են «Ընտրական օրէնսգիրք»ին մէջ Դաշնակցութեան առաջարկած փոփոխութիւններու նախագիծին եւ միախառն կառավարութեան նոր՝ «Ընտրական օրէնսգիրք»ի տարբերակին:
Իշխող կառավարութիւնը անոնց մէկ մասը պիտի ընդունի ամբողջութեամբ, քանի մը հատը՝ մասամբ, իսկ մնացեալը ընդհանրապէս պիտի չընդունի: Եւրոպացի փորձագէտները Մայիս 5ին ՀՀ Ազգային ժողովին ներկայ եղած են իրենց իսկ ներկայացուցած եզրակացութիւններու քննարկման:
Եւրոպացի փորձագէտներու առաջարկներէն մէկը, որ «Ընտրական օրէնսգրքի» իշխող կառավարութեան նախագիծի հեղինակներու գնահատումով՝ հակասահմանադրական է, կը վերաբերի թեկնածուներու՝ Հայաստանի մէջ կեցութեան ժամկէտին:
«Թեկնածու առաջադրուելու համար, սահմանուած կեցութեան ժամկէտները հաւասար չեն. տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ առաջադրուելու համար, թեկնածուն պէտք է երկու տարի անընդմէջ ապրած ըլլայ Հայաստանի մէջ, մինչդեռ նախագահին համար սահմանուած է տասը տարի», ըսաւ եւրոպացի փորձագէտներէն Գարէ Վոլագի:
Եթէ տասը տարի ժամկէտը անփոփոխ մնայ, ինչ որ կը պահանջուի ՀՀ Սահմանադրութեամբ, ուստի նախագահի թեկնածութեան վերաբերող՝ եւրոպացի փորձագէտներէն այլ առաջարկ պիտի չընդունուի: «Մենք ամրագրում ենք, որ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը չի կարող ունենալ որեւէ այլ երկրի քաղաքացիութիւն՝ բացի Հայաստանից: Նրանք ասում են, որ սա սահմանափակում է: Մենք, սակայն, այս առաջարկութիւնը չենք կարող ընդունել՝ զուտ երկրի անվտանգութիւնից ելնելով», պարզաբանեց Պետաիրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Դաւիթ Յարութիւնեան:
Վերջինս հակասութիւն կը տեսնէ նաեւ Վենետիկի յանձնաժողովի այս եւ 2005ի եզրակացութիւններուն միջեւ: Ան կը նշէ, թէ 2005ին, անոնք կը կարծէին, թէ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կազմաւորման քաղաքական տարբերակը ճիշդ չէր, իսկ այսօր, առաւելապէս, քաղաքական տարբերակին կողմնակիցն են:
Նշենք, որ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի (ԿԸՅ) ձեւաւորման կուսակցականացուած տարբերակը՝ ընդդիմութեան եւ իշխանութեան 50/50 յարաբերակցութեամբ՝ առաջարկած էր ՀՅԴն փոփոխութիւններու իր նախագիծին մէջ: ՀՅԴն այսօր ալ կը պնդէ իր առաջարկը. Վենետիկի եւ ԺՄՀԻԳի փորձագէտները դրական եզրակացութիւն տուած են ՀՅԴի ներկայացուցած գրեթէ բոլոր առաջարկներուն:
ՀՅԴի՝ այլընտրանքային համարուած նախագիծը, քննարկուած ու մերժուած էր խորհրդարանական մեծամասնութեան կողմէ: Մեծամասնութեան նախագիծն ալ ընդունելի ըլլալու համար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի խօսքով, պէտք է բաւարարէ հիմնական չորս պահանջներ. երկուքը պահանջները յանձնաժողովներու հաւասարակշռուած կազմն ու 100 տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգն են. անոնք պիտի սահմանափակեն իշխանութեան պահպանման միջոցները:
«Հայաստանում, եթէ ուզում ենք վստահութիւն առաջացնել, պէտք է ընդհանրապէս հրաժարուենք մեծամասնական ընտրակարգից: Մեծամասնականը ժողովրդավարութեան զարգացման լուրջ խոչընդոտ է: Այդ մեծամասնականն այսօր արջի ծառայութիւն է մատուցում հէնց իշխանութիւններին», ըսաւ Ազգային ժողովի (ԱԺ) արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Ռուստամեան:
Երրորդ պահանջը՝ քաղաքական կամքն է՝ ընտրական հնարաւոր բոլոր սանձարձակութիւնները կանխելու համար, իսկ չորորդը՝ ընտրախախտումներու ծաւալը արձանագրելու եւ դատական վարոյթ յարուցելու հնարաւորութիւնը:
Վենետիկի յանձնաժողովը ներկայացուցած է աւելի քան 40 առաջարկ՝ իշխող կառավարութեան նախագիծին վերաբերեալ: Եթէ քննարկումները աւարտին հասցուին, յառաջիկայ քառօրեային իշխող կառավարութեան նախագիծը խորհրդարանին մէջ պիտի քննարկուի երկրորդ ընթերցումով: Եթէ այնտեղ չներառուին ՀՅԴի եւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան սկզբունքային առաջարկները, ապա օրէսնգիրքը անընդունելի պիտի ըլլայ նաեւ «Ժառանգութեան» համար:
«Այս օրինագիծը, որը մասնակցային առումով օրինական չէ, ոչ օրինական կը լինի նաեւ բովանդակային առումով», իր կարգին ըսաւ ԱԺ «ժառանգութիւն» խմբակցութեան անդամ Արմէն Մարտիրոսեան: