
ՊՈԼԻՍ.- «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»ը կը տեղեկացնէ, որ «Թէ.Ար.Թէ.» թրքական պետական պատկերասփիւռի ընկերութիւնը նկարահանած է «Յիշելով Բարեկամութիւնը» խորագիրով Ֆրանսայի եւ Արժանթինի հայ համայնքներուն վերաբերեալ վաւերագրական շարժապատկեր մը, որ կը պատմէ հայ-թուրք յարաբերութիւններուն մէջ առկայ պատմական խնդիրներուն մասին:
Շարժապատկերը կը պատմէ քաղաքականութենէն հեռու մնացող սովորական մարդոց մասին: Կին բեմադրիչ Սեւինճ Եշիլթաշի նկարահանած շարժապատկերը պիտի սփռուի Մայիս 9ին:
«Նախքան ֆիլմի պատրաստութեան սկսիլս, դիտեցի Թուրքիոյ արխիւներուն մէջ գտնուող բոլոր վաւերագրական ժապաւէնները, որոնք կ՛արծարծեն պատմական հարցեր: Ես ուզեցի մարդկային պատմութիւն մը պատմել եւ ոչ՝ պատմական», յայտարարած է Ս. Եշիլթաշ:
Եշիլթաշ մէկ տարի անցուցած է Պուենոս Այրեսի եւ Վալանսի մէջ. «Ես ուղղակի կը պատմեմ մարդոց մասին: Պուենոս Այրեսի մէջ ինծի համար դիւրին էր աշխատիլ, սակայն ուղեւորութիւնս դէպի Հալէպի ու Պէյրութի հայ համայնքներ շատ ծանր եղաւ: Անոնք շատ վատ տրամադրուած են Թուրքիոյ հանդէպ: Ես մտադիր էի շարժապատկեր նկարել նաեւ Հալէպի ու Պէյրութի հայ համայնքներուն մասին, սակայն չկրցայ», աւելցուցած է ան:
«Ընկերներս ինծի հարցուցին, թէ չե՞մ վարանիր պատրաստելու վաւերագրական ֆիլմ մը, որ ունի այսպիսի քաղաքական տարրողութիւն. մտածեցի որ վարանելու ոչ մէկ պատճառ ունիմ. ես ֆիլմով պատմեցի սովորական մարդոց ձգտումներուն մասին», շեշտած է բեմադրիչը:
Ըստ Եշիլթաշի, թուրքերը Սփիւռքը կը պատկերացնեն իբրեւ մէկ միասնութիւն, սակայն այդպէս չէ. անիկա կազմուած է տարբեր մարդոցմէ: «Բազմաթիւ մարդիկ հարիւրաւոր քիլօմեթրեր այն կողմ կը խօսին ու կ՛երգեն թրքերէն: Անոնք կորսնցուցած են այն երկիրը, ուր ծնած են: Ես կը տեսնեմ, թէ որքան դժուար է անոնց համար իրարու հասկնալ», յայտնած է Եշիլթաշ:
Շարժապատկերը կազմուած է երկու մասէ, իւրաքանչիւրը՝ 70 վայրկեան: «Թէ.Ար.Թէ.» կայանով ցուցադրուելէ ետք, ֆիլմը պիտի ներկայացուի նաեւ տեղական եւ միջազգային փառատօներու: