
ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
«Knock Out Graffiti In Glendale»: Այս էր Կլենտէյլի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուած «Կը սիրեմ շրջապատս» մրցոյթին 2011ի խորագիրը։ Գծագրութեան տարեկան սոյն մրցոյթը նուիրուած է շրջապատի եւ կենսոլորտի մաքրութեան, կիզակէտ ունենալով դաստիարակել մատղաշ սերունդը: Մրցոյթին յաճախ կը մասնակցին Կլենտէյլի հանրային եւ սեփական բոլոր նախակրթարաններու աշակերտները։ Աշակերտներու գործերէն կ՛ընտրուին խումբ մը լաւագոյններ՝ իւրաքանչիւր դպրոցէն միայն երկու հոգի, որոնք կ՛արժանանան բաժակի եւ նուէրներու:
Ապա անոնց մէջէն կ՛ընտրուի երեք լաւագոյնները, որոնք կ՛արժանանան յատուկ գնահատանքի, իսկ առաջին մրցանակակիրին աշխատանքը կը վերածուի որմազդի եւ կը ցուցադրուի քաղաքապետարանի ու քաղաքի այլ հանրային վայրերու մէջ՝ ամբողջ տարի մը։
Հայ Քոյրերու վարժարանի աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ կը մասնակցին այս մրցոյթին, իրենց գծագրութեան դասատու Մանուէլլա Քոսայեանի ցուցմունքներով: Այս տարի եւս մեծ թիւով աշակերտներ մասնակցեցան այս մրցոյթին, 3-6րդ դասարաններէն։
9000է աւելի մասնակցողներու գործերէն ընտրուեցան միայն 50 լաւագոյն գծանկարներ, իսկ Հայ Քոյրերու վարժարանէն ընտրուեցան Գաթիանա Գասպարեան (3րդ կարգ) եւ Տալիթա Բասմակեան (6րդ կարգ)։
Չորեքշաբթի, Մարտ 30ին, տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը Կլենտէյլ «Սիվիք օտիթորիոմ»ի մէջ: Ներկայ էին նաեւ վարժարանի երկու ընտրեալները՝ իրենց ծնողներով, ուսուցչուհիով եւ տնօրէնուհիով, որոնք անհամբեր կը սպասէին արդիւնքին: Աւարտական հանգրուանին հասած գործերուն մէջէն երրորդութիւնը խլեց Տալիթա Բասմակեանը՝ հպարտութեամբ եւ ուրախութեամբ լեցնելով բոլորիս հոգիները։ Առաջին երեք տեղերը գրաւողներուն ի պատիւ, իրենց անուններով ծառատունկ տեղի պիտի ունենայ անոնց յաճախած վարժարաններուն մէջ։
Անցեալ տարիներուն եւս, «Կը սիրեմ շրջապատս» մրցոյթներուն, վարժարանը միշտ ունեցած է մրցանակակիրներ, իսկ 2007ին, քաղաքապետարանի սոյն յանձնախումբը պատուեց վարժարանիս գծագրութեան դասատու Մանուէլլա Քոսայեանը։
Շնորհաւորելի է Հայ Քոյրերու վարժարանը. կը շնորհաւորենք Գաթիանա Գասպարեանը, Տալիթա Բասմակեանն ու իրենց ծնողները, ինչպէս նաեւ Մանուէլլա Քոսայեանը, մաղթելով յաջողութեանց յարատեւութիւն։