
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Ընդդէմ կանանց նկատմամբ բռնութեան» միութեան քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Զարուհի Պետրոսեանի սպանութեամբ մեղադրուող Եանիս Սարգիսովի գործով դատական հերթական նիստը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 10ին:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ «Ընդդէմ կանանց նկատմամբ բռնութեան» միութեան անդամները աշխոյժ մասնակցութիւն ցուցաբերած են այս դէպքին հետ կապուած դատական բոլոր նիստերուն, որոնք մինչ օրս կայացած են դռնբաց:
Դատաւորը մերժած էր ամբաստանեալի պաշտպանին՝ նիստը դռնփակ իրականացնելու առաջարկը, որուն համար վերջինս դիմած էր Վերաքննիչ ատեանի դատարան՝ բողոքելով դատաւորի որոշումին դէմ: Վերջին նիստը յետաձգուած է, քանի որ պաշտպանը պնդած է, որ չէ ստացած նիստը դռնփակ իրականացնելու մերժումի ծանուցում, ինչպէս նաեւ ժամանակ խնդրած է՝ Վճռաբեկ դատարան դիմելու համար:
«Ընդդէմ կանանց նկատմամբ բռնութեան» միութիւնը կոչ կ՛ուղղէ բոլոր քաղաքացիներուն, ակտիւիստներուն եւ կազմակերպութիւններուն մասնակցելու՝ դատավարութեան արդար վճիռի ընդունման հարցին մէջ սեփական շահագրգռուածութիւն ցոյց տալու համար, եւ կը խնդրէ բոլոր այն լրագրողներէն, որոնք կը փափաքին լուսաբանել դատական նիստի հետագայ ընթացքը, Մայիս 10ին, ժամը 11:15ին, գտնուիլ Այրարատ տօնավաճառին մօտակայքը, մեկնելու համար Մասիս քաղաք, ուր, քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ նշեալ դատական նիստը:
Յիշեցնենք, որ Զարուհի Պետրոսեան մահացած էր 2010 Հոկտեմբեր 1ին, ոչ պաշտօնական տուեալներով՝ ամուսնոյն կողմէ ծեծի ենթարկուելու պատճառով:
Զարուհիի քոյրը՝ Յասմիկը, նշած է, թէ անոր կեսուրը՝ Լիլիա Սարգիսովան, սկիզբէն դէմ եղած է մանկատան սանուհիի մը հետ իր որդիին ամուսնութեան, եւ առաջին իսկ օրէն Զարուհիի նկատմամբ անոր դժկամ վերաբերմունքը նկատուած է նաեւ հարեւաններուն կողմէ:
Ամուսինին՝ խաղաղապահ գունդի պայմանագրային զինուորական ծառայող Եանիս Սարգիսովին, առաջադրուած է մեղադրանք՝ առողջութեան դիտաւորեալ վնաս եւ մահ պատճառելու յանցանքով, որ կը նախատեսէ վեցէն տասը տարուան բանտարկութիւն: