ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Կազմակերպութեամբ Արարատ տան «Էսքիճեան» թանգարանին, Կիրակի, Մայիս 1ին, նոյն թանգարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիպում մը լրագրող Արա Խաչիկ Մանուկեանի հետ, որ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ գործող «Մեր յոյսը» բարեսիրական կազմակերպութեան մասին, որ կանանց եւ երեխաներու օժանդակութիւններ կը տրամադրէ:
Մանուկեան նաեւ մարդկային իրաւանց պաշտպան գործիչ մը ու Շահան Նաթալի ընտանիքի հիմնարկին ներկայացուցիչն է Արցախի մէջ:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 838-4862 թիւին: