ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Ապրիլ 17ին, Կլենտէյլի ՀԵԴի «Ռուբէն» ուխտը կազմակերպած էր «Վերապրողներու քայլարշաւ» ձեռնարկը, ոգեկոչելու համար Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Մասնակիցները նախ հաւաքուեցան Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ ու մէկ ու կէս մղոն քալելով՝ հասան Հայաստանի հիւպատոսարան: Հիւպատոսարանին առջեւ, նախ խօսք մը արտասանեց Բալիկ Գոճանեան, որմէ ետք Փաթիլ Մալաթեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն» գործէն հատուածներ: Ալիք Պէրպէրեան ու Բալիկ Գոճանեան երգեցին «Ատանայի ողբերգը», որմէ ետք քայլարշաւին մասնակիցները միասնաբար երգեցին «Ելեք հայեր», «Գետաշէն», «Մեր հայրենիք» երգերը ու քալելով վերադարձան Հայ կեդրոն:
Ստորեւ՝ Բալիկ Գոճանեանի խօսքը.
«Այսօր, մեզ համախմբած է 20րդ դարու առաջին մեծ ոճիրին դառն յիշատակը, որուն քաջածանօթ ենք ո՛չ միայն մենք, այլ նաեւ՝ համայն աշխարհը։ Նորէն Ապրիլ 24 է. թուական մը, որ մեզ կը համախմբէ մեր անմեղ նահատակներու անմոռանալի յիշատակը յարգելու համար։
«Վստահ եմ, որ բոլորդ ալ իր տարողութեամբ եւ վայրագութեամբ աննախընթաց այդ կատարուած ոճիրին մեծութեան լաւատեղեակ էք, որովհետեւ նոյն այդ ոճիրն էր, որ մեզի տուաւ ցաւ, չարչարանք, մահ, վիշտ եւ սուգ. մենք իբրեւ ապրող, շնչող, շինարար ու բարեկեցիկ ժողովուրդ, կորսնցուցինք մեր ֆիզիքական ներկայութեան կէսը, վերապրողները որպէս փիւնիկ վերականգնեցան եւ որպէս յարուցեալ ժողովուրդ սփիւռքուեցան աշխարհով մէկ։ Կորսնցուցինք նաեւ մեր ունեցած պապենական բոլոր կալուածներն ու հարստութիւնները ու եղանք թափառական ու կրկին անգամ դարձանք Սփիւռք եւ Սփիւռքներ։
«Եւ այսօր, մենք իբրեւ ժառանգորդները մեր այդ նահատակներուն, Ապրիլեան այս օրը վերածած ենք մեր սրբազան ուխտի վերանորոգման օրուան, որովհետեւ կը հաւատանք, որ արդար իրաւունքը ամէն բանէ վեր է, երբ ունի պահանջատէր ազգ։ Ու հոս հաւաքուած ենք, ո՛չ միայն սոսկ յարգանք մատուցելու, այլ ոգեկոչելու մեր հեռաւոր ու մօտիկ անցեալը, կարդալու մեր ներկան ու նաեւ ծրագրելու մեր ապագան։ Մենք կը պատկանինք այն սերունդին, որ մահուան յաղթած, յարութիւն առած, մեր ժողովուրդի խոստմնալից սերունդն է, իր վերանորոգ ուխտով։ Մեզի համար Հայ Դատը այժմէական է. իբրեւ գիտակից պատանիներ եւ երիտասարդներ, մեր սրբազան պարտականութիւնն է պահանջատէր ըլլալ ու մնալ՝ միաժամանակ հաւատալով, որ պահանջատիրութիւնը կը գոյատեւէ մեր միասնականութեամբ, մեր համագործ ոգիին եւ աշխատանքին շնորհիւ։
«Մենք նոյնպէս կը հաւատանք, որ Հայ Դատի աշխատանքներուն կրնանք նպաստել՝ պահելով մեր մշակոյթը, մեր լեզուն, մեր պատմութիւնը, հեռու մնալով օտարամոլութենէ, ծանօթանալով հայկական արժէքներուն եւ մանաւանդ տէր կանգնելով անոնց, մինչեւ որ հասնինք մեր վերջնական, մեծագոյն նպատակին՝ Միացեալ եւ ամբողջական Հայաստանին։
«Մոռցած չե՛նք, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ անցեալ դարու առաջին անմարդկային ոճիրը, տակաւին իր հատուցումը ստացած չէ՛։
«Ուստի, հաւատալով վերածնունդի գաղափարին ու մեր անմեղ նահատակներուն երթը շարունակելու կարեւորութեան՝ մենք կը խոստանաք միշտ տէր կանգնիլ մեր ժողովուրդի բոլոր արդար իրաւունքներուն։ Ապրի՛ք դուք, եւ Կեցցէ՛ Հայ ժողովուրդը»: