
Մոնթեպելլոյի բնակիչ, թերթիս բաժանորդ Գառնիկ Խանճեան, երկու տուփ գիրքերով հարստացուց «Ասպարէզ»ի գրադարանը:
Խմբագրութիւնս շնորհակալութեամբ կ՛արձանագրէ, որ երկու տուփերուն մէջ կային արժէքաւոր գիրքեր, ինչպէս՝ «Զարթօնք»ի երկու հատորները, Րաֆֆիի գործերէն մի քանին (Երեւանեան եւ արտասահամանեան հրատարակութիւններ), Վազգէն Շուշանեանի «Գարնանային Սիրոյ Հեզ Նամակներ»ը, Միսաք Թորլաքեանի «Օրերուս Հետ»ը, ՀՅԴ Բիւրոյի հրատարակութեամբ՝ «Արամ»ը, Պետրոս Դուրեանի «Քերթուածներ եւ Նամակներ»ը, Խրիմեան Հայրիկի «Պապիկն ու Թոռնիկը», Վահան Թոթովենցի «Կեանքը Հին Հռոմէական Ճանապարհի Վրայ»ն, ինչպէս նաեւ «Աւազակապետ»ը, «Թափառական Հայը», «Թափառական Հայու Որդին» եւ շարք մը այլ գիրքեր: