
ԹԵԼ ԱՒԻՒԻ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման Հինգշաբթի, Ապրիլ 28ին զգուշացուց, որ Իսրայէլ պիտի չբանակցի պաղեստինեան ազգային միասնականութեան կառավարութեան մը հետ, եթէ անոր մաս կը կազմէ «Համաս»։
Լիպըրման նաեւ զգուշացուց, որ Գահիրէի մէջ ստորագրուած միջպաղեստինեան հաշտութեան համաձայնութիւնը «Համաս»ի առջեւ կը բանայ Արեւմտեան Ափի մէջ ազատօրէն գործելու կարելիութիւնը: Ան ըսաւ, որ «Ֆաթհ»ի եւ «Համաս»ի միջեւ համագործակցութեան համաձայնութիւնը արդիւնք է յաջորդաբար Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ մէջ գտնուող անոնց հովանաւորողներուն դիմագրաւած դժուարութեանց, որ նեղ կացութեան մատնած է պաղեստինցիները:
Իր կարգին, պաղեստինցի աւագ բանագնաց Սայեպ Օրէյքաթ յայտնեց, թէ պաղեստինեան ազգային միասնականութեան կառավարութիւնը խաղաղութիւնը պիտի ջատագովէ՝ բոլոր պաղեստինցիները ներկայացնելով։ «Անոնք, որոնք շրջանին մէջ ժողովրդավարութեան մասին կը խօսին, պէտք է հասկնան, թէ պաղեստինեան հաշտութիւնը Պաղեստինի մէջ քուէատուփերը պիտի բանայ», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Անոնք, որոնք խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կ՛ուզեն, պէտք է պաղեստինեան հաշտութեան զօրակցին»։
«Համաս»ի հետ բանակցած «Ֆաթհ»ի պատուիրակութեան ղեկավար Ազզամ Ահմատ յայտնեց, թէ նոր կառավարութիւնը ապաքաղաքական պիտի ըլլայ եւ իր ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնէ Կազայի վերակարուցման ու ընտրութիւններու պատրաստութեան վրայ: