
ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին նուիրուած «Արարատ տան» 12րդ տարեկան զարգացման մրցումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Ապրիլ 10ին, մասնակցութեամբ 7 հայկական վարժարաններու:
Հետաքրքրական եւ սուր պայքարի մը ընթացքին, որ տեւեց մօտաւորապէս երկու ժամ, աշակերտներ պատասխանեցին հայոց երեք հազարամեայ պատմութեան, աշխարհագրութեան, գրականութեան, գիտութեան, արուեստներու եւ կրօնքի մասին հարցումներու:
Մրցումին յաղթական հռչակուեցաւ «Յովսէփեան» վարժարանը, յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով: Վարժարանին խումբը բաղկացած էր Մելինէ Թոփճեանէն, Քրիստափոր Խաչատուրէն եւ Քրիստին Քէշիշեանէն, որոնք իրենց վարժարանին ապահովեցին 1000 տոլարի մրցանակը:
Գէորգ Արապեան, Նարեկ Պուլտուգեան, Շահէ Գազազեան եւ Ալեք Քիլիսեան ներկայացուցին Հայ Քոյրերու վարժարանը, որ երկրորդ դիրքը խլեց՝ ապահովելով 750 տոլարի մրցանակ, իսկ երրորդ դիրքը խլեց «Շամլեան»ի խումբը՝ բաղկացած Նաթաշա Այվազեանէն, Կալի Գույումճեանէն, Ժագլին Մաթեանէն ու Արփինէ Պետրոսեանէն, ապահովելով 500 տոլարի մրցանակը:
Միւս վարժարանները՝ «Ֆերահեան», «Մերտինեան», «Ալէք Փիլիպոս» եւ «Սահակ Մեսրոպ», ստացան 250 տոլարի մրցանակներ, իսկ բոլոր մասնակիցները բաժակներ, նուէրներ ու վկայագիրներ ստացան:
Մրցանակները, բաժակներն ու վկայագիրները յանձնուեցան «Արարատ տան» հոգաբարձութեան ատենապետ Նազար Աշճեանի կողմէ, իսկ հոգաբարձութեան փոխատենապետ Հերըլտ Մկրուպեան իւրաքանչիւր աշակերտի նուիրեց Արարատի շքանշան մը:
Ձեռնարկին հանդիսավարն ու համակարգողն էր Յակոբ Արշակունի, իսկ հարցումները պատրաստուած էին Մերիլին Արշակունիի կողմէ: Անոր իրականացման մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան նաեւ հետեւեալ կամաւորները՝ Թամար Պոյաճեան-Աւետիսեան, Արփի Չոպանեան, Սու Աբրահամեան, Ռապըրթ Արշակունի, Տեպի Աւետեան, Վարդգէս Պոյաճեան, Մեկի Կոսչին, Պիաթրիս Մալխասեան, Ռութ Օնէսեան, Ռապըրթ Թունչեր, Մայքըլ Արշակունի, Նետ Ռոտրիկեզ, Քամելիա Պոյաճեան եւ Լիանան Արշակունի:
Զարգացման մրցումը ամէն տարի կը կազմակերպուի Յակոբ եւ Մերիլին Արշակունիներու կողմէ եւ հիմնուած է անոնց խմբագրած «Հայոց Պատմութեան Ժամանակագրութիւն» անգլերէն հատորին վրայ: