
ՊՈԼԻՍ.- «Տու Նաթ Ֆորկեթ Մի Իսթանպուլ» (Do Not Forget Me Istanbul) ընդհանուր խորագիրին տակ 6 շարժապատկերի բեմադրիչներ՝ ազգութեամբ հայ, յոյն, պոսնիացի, սերպ եւ պաղեստինցի, անցեալ տարի հրաւիրուեցան Պոլիս եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին տրուեցաւ Պոլիս քաղաքին մասին 15 վայրկեաննոց ժապաւէն մը պատրաստելու առաքելութիւնն ու միջոցները: 6 բեմադրիչներէն մէկն է լոսանճելըսաբնակ Էրիք Նազարեանը, որ սոյն ծրագիրին համար բեմադրեց «Պոլիս» խորագիրով կարճ ժապաւէնը, գլխաւոր դերակատար ունենալով ֆրանսահայ յայտնի դերասան Ժաքի Ներսէսեանը:
Է. Նազարեանի «Պոլիս» ֆիլմը, որ «Տու Նաթ Ֆորկեթ Մի Իսթանպուլ»ի 6 պատմութիւններէն մէկն է, անցեալ Ուրբաթ 15 եւ Շաբաթ 16 Ապրիլին երկու անգամ ցուցադրուեցաւ 2011ի Իսթանպուլ Ֆիլմի փառատօնին, այսպիսով հանդիսանալով Թուրքիոյ մէջ ցուցադրուած առաջին ժապաւէնը, որուն մէջ դերասանը կ՛արտասանէ «Ցեղասպանութիւն» (Genocide) բառը:
«Ասպարէզ» երիտասարդ բեմադրիչին հետ առանձին հարցազրոյցով մը պիտի անդրադառնայ այս շարժապատկերի պատրաստութեան ծալքերուն: