ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտոսի Զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդը յայտարարեց, թէ Եգիպտոսի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Սեպտեմբերին, իսկ արտակարգ դրութիւնը պիտի ջնջուի այդ ընտրութենէն առաջ։ Խորհուրդի անդամներէն Մամտուհ Շահին յայտնեց, թէ նախագահական ընտրութեան թուական մը տակաւին չէ ճշդուած։
Միւս կողմէ, զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտարարեցին, թէ անհիմն են այն պնդումները, ըստ որոնց, նախկին նախագահ Հոսնի Մուպարաք Սէուտական Արաբիա ապաստանած է: Անոնք շեշտեցին, թէ նախկին նախագահը տնային կալանքի տակ կը գտնուի իր ընտանիքի անդամներուն հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.