ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Կիրակի, Մարտ 20ին, մօտաւորապէս 15 կիներ հաւաքուած էին Հոլիվուտի Հայ կեդրոնը՝ մասնակցելու համար ռենշի (վարժապետ) Միհրան Աղվինեանի առաջնորդութեամբ՝ ինքնապաշտպանութեան իւրայատուկ փորձերու: Մասնակիցներուն մէջ կային ՀՄԸՄի եւ ՀԵԴի անդամներ, ինչպէս նաեւ հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտներ:
Մարդկային իրաւանց միացեալ խորհուրդը նախաձեռնած էր սոյն փորձերուն՝ նկատի ունենալով բոլոր վիճակները լաւապէս դիմագրաւելու համար պատրաստ ըլլալու կարեւորութիւնը:
Ինչպէս կազմակերպիչները կը յայտնեն, դժուար է հաշտուիլ այն իրականութեան հետ, որ սերտ կապեր ունեցող մեր համայնքէն ներս կիները կրնան յարձակումներու թիրախ դառնալ, սակայն նկատի ունենալով, որ մեր համայնքային կեդրոններէն դուրս նման յարձակումներ կրնան տեղի ունենալ, նման հաւանականութեանց պատրաստուած ըլլալը միշտ օգտակար պիտի ըլլայ:
Կը նախատեսուի մօտիկ ապագային դարձեալ կազմակերպել նման փորձեր: Հետաքրքրուողները կրնան իրենց անուններն ու հեռաձայնի թիւերը ղրկել հետեւեալ հասցէին՝ uhrc@ayfwest.org:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.