ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Մարտ 22ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատգամաւորական խմ-բակցութիւնը Ազգային ժողովի քննարկման ներկայացուցած է ընտրական օրէնսգիրքի իր այլընտրանքային տարբերակը: Նոյն օրը, Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեան ներկայացուցած էր նաեւ կառավարութեան տարբերակը:
Ներկայացնելով Դաշնակցութեան պատրաստած փաստաթուղթը՝ ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշած է, որ անիկա կ՛ենթադրէ խորհրդարանի 100 տոկոս համամասնական ընտրակարգով ձեւաւորում, նաեւ ընտրական յանձնաժողովներու մէջ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու 50/50 համամասնութիւն:
Դաշնակցութիւնը կ՛առաջարկէ հրապարակել քուէամատեանները, նկարահանել քուէարկութեան եւ ձայներու հաշուարկի գործընթացները: Փաստաթուղթով կ՛առաջարկուի գնել ելեկտրոնային քուէատուփեր, որոնք ցոյց պիտի տան, թէ որքա՛ն թերթիկ կայ տուփին մէջ: Դաշնակցութիւնը կ՛առաջարկէ ընտրացուցակներուն մէջ կանանց 30 տոկոսի մասնակցութիւն:
Վահան Յովհաննիսեան, իր հերթին նշած է, թէ նախօրէին Վերահսկիչ պալատը հրապարակած է տուեալներ, ըստ որոնց, հազարաւոր մեռած թոշակառուներ տարիներ շարունակ թոշակներ ստացած են: «Ես վստահ եմ, որ տարիներով թոշակ ստացող «մեռած հոգիներ»ը մասնակցել են նաեւ ընտրութիւններին», ըսած է ան: