
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մեթիու Պայզա «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է, թէ Սոչիի մէջ կայացած Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն հանդիպումէն ետք, ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահները դարձեալ կոչ ուղղեցին՝ դիպուկահարները դուրս բերելու Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի ուժերու շփման գիծէն, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեցին այն պարտաւորութիւններուն, որոնք Սոչիի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները ստանձնած են՝ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններու եւ հրադադարի դրութեան խախտման բոլոր դէպքերը հետաքննելու ուղղութեամբ։
Ըստ Պրայզայի, այդ պարտաւորութիւններուն համաձայն, ԵԱՀԿի համար կարեւոր է վերջին երկու դէպքերուն՝ շփման գիծին մօտ ատրպէյճանցի փոքրիկ տղու մը եւ նախօրէին հայ զինուորի մը մահուան մասին տեղեկատուութեան, մանրակրկիտ հետաքննութիւնը։
«Որեւէ մահ ողբերգութիւն մըն է, որ միայն թափ կը հաղորդէ ուժի կիրարկումը դատապարտող ջանքերուն։ Ինչպէս բազմիցս յայտարարած են համանախագահները, ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի», ըսած է ան։
Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը ընդգծած է, որ ուժի կիրարկման սպառնալիքը, որուն շարքին նաեւ՝ քաղաքացիական թռիչքներու դէմ սպառնալիքները, ընդունելի չեն եւ կը հակասեն տագնապը խաղաղօրէն լուծելու նախագահներուն ստանձնած պարտաւորութիւններուն։
«Մենք կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք համատեղ աշխատելու, մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ օդակայանին բացումը, եւ լուծելու թռիչքներուն ապահովութեան հարցերը», նշած է Պայզա։
Ատրպէյճանի քաղաքային թռիչքներու պետական վարչակազմի տնօրէն Արիֆ Մամետով յայտարարած էր, որ Ատրպէյճան իրաւունք ունի ոչնչացնելու այն օդանաւերը, որոնք վայրէջք պիտի կատարեն Ստեփանակերտի նոր կառուցուող օդակայանին մէջ։
Նշենք, որ օդակայանը պիտի սկսի գործելու Մայիս 9ին։
Sleep well Bryza!
Arziv has found a solution!
Sarkozy-Ocama-Cameron will empose no-flight zone on Azerbaijan!