Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու շրջանային վարչութեան «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի հանգանակային եօթներորդ նաւապտոյտը տեղի ունեցաւ Մարտ 6, 2011ին, «Էլեքդրա Քրիսթըլ» նաւուն վրան, որ ճամբայ ելաւ Նիւփորթ Պիչ նաւահանգիստէն:
Ձեռնարկի բացումը աղօթքով կատարեց Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան: Ձեռնարկին ներկայ եղան ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան, ՀՅԴ Արեւմտեան շրջանի ԿԿի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան, Հայկական կրթական հիմնարկութեան ներկայացուցիչ Վահէ Պետրոսեան, ՀՕՄի շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութեան անդամներ, հովանաւորողներ եւ հիւրեր:
«Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի Փոխատենապետուհի Լենա Պոզոյեան՝ երեկոյի հանդիսավարը, բարի գալուստ մաղթելով՝ ընդգծեց յանձնախումբին æաւախքահայութեան ծառայելու առաքելութիւնը, փոխանցեց Ջաւախքի վերջին լուրերը, յայտարարեց, թէ Մարտ ամիսը æաւախքի նուիրուած է եւ թէ այդ առթիւ յանձնախումբի անդամները հայկական վարժարաններ պիտի այցելեն:
«Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի ատենապետուհի Հայկուշ Քոհլըր խօսեցաւ յանձնախումբին ջանքերով վերջերս Ախալքալաքի մէջ իրագործուած բոյժքոյրերու եւ մանկաբոյժերու վերապատրաստական ծրագիրին, ինչպէս նաեւ երեք երիտասարդական կեդրոններէն ներս գործադրուող լեզուներու ծանօթացման, երգի ու պարի, կար ու ձեւի, եւ համակարգչային ծրագիրներուն մասին, որոնք 150-200 երիտասարդներ կը ներգրաւեն:
Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան Մեծ պահքի առթիւ ժուժկալ ապրելով՝ «ցնծալով ցնծալ» յորդորեց, օժանդակելով ջաւախքահայութեան հզօրացման:
Անցնող ամրան ընթացքին, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Youth Corp-ի՝ Գիւմրիի մէջ մանուկներու ճամբարին մասնակցող ինը կամաւոր երիտասարդ ղեկավարները նաեւ առիթ ունեցած էին երկու օրով այցելելու Ջաւախք: Մասնակցողներէն Գարին Սասունեան եւ Փաթիլ Ղարիպեան փոխանցեցին իրենց տպաւորութիւնները: Սասունեանի ներկայացումը յուզեց ներկաները, երբ ան կը նկարագրէր թէ ինչպէ՛ս ապշած ու կորսուած զգացած էր՝ տեսնելով ժողովուրդին դժուար իրավիճակը, ջուրի եւ ուտելիքի պակասը, տուներուն անմխիթար վիճակը: Անոնք այցելած էին բազմանդամ ընտանիք մը, որ հակառակ իր ճնշուած վիճակին, հիւրընկալութեամբ ու լաւատեսութեամբ խանդավառած է զիրենց:
Ղարիպեան նոյնպէս մեծապէս տպաւորուած էր եւ յայտնեց, թէ իր ամբողջ պատկերացումը փոխուած է æաւախքի նկատմամբ. իր աչքերով տեսնելով իրավիճակը՝ ցնցուած էր, բայց վստահ էր, որ օգնութիւնը նաեւ կը ցոլացնէ Սփիւռքի կապը ջաւախքահայութեան հետ:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան, նկատել տալով, թէ որքա՛ն կարեւորութիւն ունին երիտասարդական կեդրոնները՝ գնահատեց «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբին անդամները, տարիներու ընթացքին իրենց տարած անդուլ եւ թանկագին աշխատանքին համար: Ընկերը մաղթեց, որ ՀՕՄի օրինակին հետեւին այլ կազմակերպութիւններ նաեւ, որպէսզի բազմապատկուին երիտասարդները եւ ջաւախքահայութեան համար աւելի կարեւոր ներդրում տեղի ունենայ: Իզմիրլեան Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեանները բնութագրեց իբրեւ զոյգ մը, որուն երակներուն մէջ կ՛ապրի հայ ժողովուրդի կարիքները, եւ գնահատեց ջաւախքահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան անոնց ներդրումը:
ՀՕՄի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը՝ Ռիթա Հինդլեան, իր կարգին փոխանցեց վարչութեան պատգամը: Ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց որ իրենց մտահոգութիւնները գործի կը վերածեն եւ նուիրատուութիւններով իրենց հաւատքն ու սէրը կը ցուցաբերեն ՀՕՄի աշխատանքներուն նկատմամբ: Ընկերուհին խնդրեց լայնցնել եւ խանդավառել իրենց շրջանակը, որպէսզի մեծ ու փոքր նուիրատուութիւններով իրենց ծանօթներն ալ մասնակցին Ջաւախքի օգնութեան գործին, եւ բազմապատկուին երիտասարդական կեդրոններն ու դարմանատուները, կրթաթոշակներն ու համակարգիչները: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց յանձնախումբի անդամներուն՝ իրենց տարած ծանր աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ու շնորհաւորեց տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեանները:
Ժասիկ Ջառահեան, որ ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամ յանձնախումբի անդամուհիներէն է եւ կը վարէ Շրջանային գրասենեակի տնօրէնութիւնը, ներկայացուց իր երկար տարիներու ծանօթ եւ հայութեան նուիրուած պատուոյ հիւրերը՝ Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեանները: Ընկերուհին բացատրեց, թէ 1956 թուականին Ամերիկա հաստատուելէ ի վեր, անոնք ղեկավար դերեր ստանձնած են ազգային եւ հայրենակցական միութիւններէ ներս, օգտակար հանդիսացած են հայկական վարժարաններու եւ եկեղեցիներու, Հայ Դատին, Հայ կրթական հիմնադրութեան, ՀՄԸՄին, թելեթոնին եւ ՀՕՄին, եւ իրենց յաջողցուցած գործերուն համար պարգեւատրուած են վախճանեալ Գարեգին Ա. կաթողիկոսի եւ շատ կազմակերպութիւններու կողմէ:
Հակիրճ ներկայացումէ ետք, Հայկոյշ Քոհլըր, յանձնախումբին անունով յուշանուէր մը յանձնեց Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեաններուն: Յակոբ Շիրվանեան վերյիշեց իրենց հովանաւորութեամբ Ստեփանակերտի մէջ առաջին դպրոցի բացման հանդիսութեան ընթացքին ժողովուրդի յուզումն ու ոգեւորութիւնը. ան յիշեցուց, թէ զաւակներ զոհաբերած ժողովուրդին համեմատ՝ իրենց ըրածը ոչինչ էր:
Իսկ Մինա Շիրվանեան վերյիշեց իր մայրը, որ æաւախք ծնած էր եւ ամէն անգամ, երբ իր ընտանիքին մասին կը պատմէր, միշտ կ՛ըսէր. «Ափսո՜ս, ափսո՜ս որ դուք առիթը չէք ունենալու այնտեղ տեսնել»: Ան չէր գիտեր, որ տարիներ ետք, Մինան քանի անգամ պիտի երթար Ջաւախք եւ օգնէր հայկական դպրոցներու վերաշինութեան, մանաւանդ Ռուբէն Մինասեանի անունով Ախալքալաքի դպրոցին, զոր առաջին անգամ այցելած էր ամուսնոյն հետ, քանդուած առաստաղով, շատ խեղճուկ վիճակի մէջ: Ան յոյս յայտնեց որ բոլորին օգնութեամբ կարելի պիտի ըլլայ դպրոցի գիշերօթիկ բաժինն ալ վերականգնել:
Անցեալ տարուան պատուոյ հիւրը՝ Յակոբ Պաղտասարեան, զգացուած ելոյթէն իր ընկերներուն, որոնց æաւախք այցելելու պատճառ դարձած էր, իր սրտի խօսքը փոխանցեց եւ խրախուսեց ուրիշները, որ իրենց բաժինը բերեն ջաւախաքահայութեան օգնութեան գործին:
Յայտագիրի վերջաւորութեան հրամցուեցաւ ճոխ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ մասնակցութեամբ ջութակահար Մերուժանի, մենակատարներ Սալբի Մայիլեանի եւ Յովհաննէս Պապախանեանի, ինչպէս նաեւ երգիծաբան Վարսիկի եւ Տի.ճէյ. Վանսոյի:
Ձեռնարկը անգամ մը եւս ջաւախքահայութիւնը կապեց Սփիւռքին, իբրեւ իրար լրացնող մէկ ժողովուրդի զաւակներ, ապա աւարտեցաւ բարի յիշատակներով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.