
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ ՀՄԸՄ Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղէն երկու սկաուտներ՝ Արմէն Տէր Զագարեան ու Մեթիու Տիրատուրեան, վերջերս հասած են սկաուտական «Արծիւ»ի աստիճանին:
18ամեայ Արմէն Տէր Զագարեանը այս աստիճանին հասնելու իր աշխատանքներէն մէկուն ընթացքին, Կլենտէյլի «Ֆրեմոնթ» զբօսայգին գեղեցկացնելու ծրագիր մը իրագործած էր, իսկ 16ամեայ Մեթիու Տիրատուրեան, ինչպէս հաղորդած էինք արդէն, «Շամլեան» վարժարանին մէջ ամբողջացուցած էր որմնանկար մը՝ նուիրուած Այբուբենին:
Աստիճանի տուչութեան արարողութեան ներկայ եղած է քոնկրեսական Էտըմի Շիֆի ներկայացուցիչը, որ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթնըի վրայ ծածանած մէկական դրօշակներ նուիրած է այս երկու սկաուտներուն: