ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Իւրայատուկ կարելի է որակել, Յովհաննէս-Պետրոս ԺԸ Գասպարեան կաթողիկոս-պատրիարքի պատմական այցելութիւնը Լոս Անճելըս, եւ առհասարակ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ թեմերը։
Ամերիկահայ գաղութը, երջանկայիշատակ կարդինալ Աղաճանեանի 1956ի այցելութենէն ետք, բարձրաստիճան ա՛յլ հոգեւորականներու այցելութիւններ յաճախ ընդունած է։ Մեր կողմէ, գնահատումի սխալ կամ թիւր ընթացքի մէջ իյնալ պիտի նշանակէր, եթէ մենք մեզի արտօնէինք, այդ պատմական այցելութիւնները իրարու հետ բաղդատել։ Համոզուած ենք թէ, իւրաքանչիւր այցելութիւն, ազգային-եկեղեցական յատուկ նպատակներ հետապնդելու ուժականութենէ ստացած է իր գոյութեան իմաստն ու առանձնայատկութիւնը։
Գասպարեան Կաթողիկոսի անդրանիկ այցելութիւնը, խոստովանինք, նոյնիսկ Հայ կաթողիկէ համայնքի զաւակներուն ամէնէն լաւատեսներուն համար, աննախընթաց յաջողութեամբ պսակուեցաւ։
Աւելորդ լաւատեսութեան զոհ չերթալու նպատակով, նուազագոյնի իջեցուցած էինք մեր ակնկալութիւնները։ Միւս կողմէ, սակայն, կարգադիր յանձնախումբն ու ամբողջ համայնքը, ճիգ չէին խնայած, անթերի կազմակերպութեամբ, աննախադէպ երեւոյթի վերածելու, կաթողիկոսական անդրանիկ այս այցելութիւնը։
Անշուշտ, երբեք հաշուի չէր առնուած, 13 օրերու վրայ երկարաձգուող հայրապետական այցելութեան յայտագիրը կրճատելով, եօթ օրերու մէջ սեղմել։ Արդարեւ, Ս. Պապէն ստիպողական հեռագիր մը պատճառ կը դառնար, Հոգեւոր տիրոջ շուտափոյթ Հռոմ մեկնումին, հոն ի՛ր մասնակցութիւնը բերելու՝ լիբանանեան հայրենիքի ապագային հետ առնչուող կարեւոր խորհրդակցական ժողովի մը։
Անկախ հապճեպով Վատիկան ուղեւորուելու հարկադրանքէն, առանց ստուերի, յաջողութեամբ պսակուեցաւ աննախադէպ այս այցելութիւնը։
Արդարեւ, տեղական հայ մամուլը, զարմանքի մատնելով Հայ կաթողիկէ համայնքի կարգ մը շրջանակները, օրը օրին, լայնօրէն արձագանգ հանդիսացաւ, Լոս Անճելըս պատրիարքական այցելութեան տարբեր փուլերուն։ Երեւոյթ մը որ հայու մեր սրտերը գոհունակութեամբ կը լեցնէ։ Երիցս շնորհաւորելի է տեղական հայ մամուլը իր լայնախոհ ու հանդուժողական ոգիին համար։
Եղբայրասիրական ներկայ մթնոլորտէն օգտուելով, լաւ պիտի ըլլար որ Հայ կաթողիկէ համայնքը, այսուհետեւ, նոյն օրուան թղթատարով, հաւասարապէս, բոլոր գաղութահայ մամուլին ուղարկէ իր հաղորդագրութիւններն ու ծանուցումները։ Որպէս համայնք, իրաւունք չունինք մենք զմեզ առանձնացնելով, խմբակի մը մենաշնորհը դարձնել։ Մամուլի այն անդամները, որոնք հակակաթողիկէ մոլուցքէ չեն կուրցած, համահայկական հասկացողութիւն ցոյց տալով, անպայման պիտի արձագանգեն մեր եկեղեցւոյ լրատուութեան։
Գասպարեան կաթողիկոսի այցելութեան առիթով, գաղութահայ մամուլը կանգնած մնաց իր բարձունքին ու համահայկական ոգիի դրսեւորումով յուզեց, ի՜նչ կ՛ըսենք, գրաւե՛ց բոլոր իրաւ հայրենասէրներու սրտերը։
Պիտի հարց տրուի թէ ի՞նչն էր պատճառը, որ ժողովուրդ ու մամուլ, այդքան բուռն կերպով յարեցան Գասպարեան կաթողիկոսին ու հմայուեցան անոր անձէն ցոլարձակող ջերմութենէն։ Տակաւին թարմ է պատկերը Ս. Աստուածածին Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած սրտայոյզ արարողութեան ու անոր յաջորդող աջահամբոյրին…
Գասպարեան կաթողիկոս, իր այցելութեան ամբողջ տեւողութեան, քրիստոնէական եղբայրասիրութեան ու բիւրեղ հայրենասիրութեան պատգամաբերը հանդիսացաւ։ Տակաւին կայ աւելին։
«Ողջոյն Յաւերժական Լիբանան» գործիս մէջ, «ժողովրդային կաթողիկոս» կ՛որակեմ Գասպարեան հոգեւոր տէրը։ Գուցէ այդ իրողութեան մէջ պահուած է գաղտնիքը, անոր արձանագրած յաջողութիւններուն ու ձեռք բերած ժողովրդականութեան։ Իր բարի ժպիտով ու անսեթեւեթ մօտեցումով ան զինաթափ կ՛ընէ դիմացինը։ Վերեւէն չի գար ու երբեք իր ծանր, բարձր պաշտօնին ընկերակցող պաշտօնականութեան տակ չի ճզմեր խեղճ հաւատացեալ ժողովուրդը։
Խոնարհագոյն անձն ու հաւատացեալը, ինքզինք «հանգիստ» կը զգայ Գասպարեան կաթողիկոսի ներկայութեամբ։ Իր ջերմ ու խոնարհ անձին մէջէն կը զգաս գոյութիւնը բնականէն վեր՝ գերբնական ոյժի մը, որ քեզ վարակելով, կը վերածուի հաւատքի ու խոր հայրենասիրութեան հրայրքի։ Մէկ խօսքով, քարիզմաթիք (հմայիչ-Խմբ.) բացառիկ յատկութիւններով օժտուած հոգեւորական ղեկավար մըն էր մեծյարգոյ մեր հիւրը։
Եւ տակաւին, կարեւորագո՛յնը, իրաւ ղեկավարի մը մեծագոյն յատկութիւններով օժտուած է նորին սրբութիւնը։ Բեմերէն, ամբիոններէն ու խորանէն երբեք չի պատգամեր. ու անհասկնալի խոշոր բառերով հրավառութիւն սարքել չի փորձուիր անգամ։ Չի կառչիր շողշողուն բառերու։ Կը խօսի ժողովուրդին հասկնալի լեզուով։ Մտաւորական մարզավայրի չի վերածեր ամպիոնն ու խորանը։ Անոր արտասանած բառերը, պարզ ու անպաճոյճ, կը համակե՛ն, կը ջերմացնեն աստուածային խօսքի ու բիւրեղ հայրենասիրութեան ծարաւի հոգիները։
Նախ քան կաթողիկոսական այցելութիւնը, կարգ մը շրջանակներէ զգուշացուցին մեզ, թէ «հռետոր» մը չէր այցելու պատրիարքը։ Մեր դարասկիզբին ասկէ մեծ ի՞նչ պարգեւ կարելի էր ընկալել Բարձրեալէն։ Անկեղծ ըլլալու համար նշենք, թէ եօթանասուն տարիէ ի վեր, սահմանին երկու կողմերը, այս ժողովուրդը այլեւս զզուած է մաշած գաղափարներով զինք օրօրող, իրենց սին հռետորութիւններով բան չըսող ու գործ չկատարող աշխարհական թէ կրօնական մեր կարգ մը ղեկավարներէն։ Մեր շատախօսութիւններով ու շողշողուն բառերու շռայլանքով ու հրավառութեամբ, օզոնները մաշեցուցինք… Սա խե՛ղճ հայ ժողովուրդին համբերութեան օզոն՛ը։
Ճարելու տեղ՝ գործե՛լ, լուռ գործել։ Ահա Գասպարեաններու մեծագոյն արժանիքը։
Կաթողիկոսական այցելութեան առիթով, լիբանանեան դեսպանատան մէջ, ի պատիւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքին տրուած քոքթէյլի մը ընթացքին, բախտը ունեցանք հանդիպելու, տարիներով Արաբական Լիկայի ներկայացուցիչի պաշտօն վարած յայտնի մտաւորական ու քաղաքական գործիչ պրն. Գլովիս Մաքսուտին։ Յաճախ հեռատեսիլի իր ելոյթները հիացմունքով դիտած էինք։
Ծանօթանալէ ետք յայտնի դիւանագէտին, հրապարակագիր դոկտ. Ժոզէֆ Քէշիշեանի ներկայութեամբ իրեն հարց տուինք, թէ ի՞նչ էր իր կարծիքը, Լիբանանի ու Հայաստանի ի օգուտ, Գասպարեան Կաթողիկոսի միջազգային գետնի վրայ կատարած աշխատանքներու մասին։
– «Թոյլ տուէք որ նախ իմ անձնական տպաւորթիւնս տամ ի՛ր մասին», ըսաւ արաբ դիւանագէտը ու աւելցուց. «Գասպարեան պատ-րիարքը, իմ ճանչցած բոլոր կղերականներուն մէջ, ամէնէն մօտն է իտէալ հոգեւորականի իմ քոնսէփթիս՝ իմա՛ գաղափարիս։ Իսկ գալով միջազգային իր գործունէութեան, յատկապէս քաղաքական գետնի վրայ, ամեհի գործ կը կատարէ ան։ Դիւանագիտական շրջանակներուն մէջ իր անունը մեծ ազդեցութիւն ու հմայք կը վայելէ։ Լուռ ու մունջ գործողի համբաւ ձեռք ձգած է։ Տարիներու ծանօթութիւն ունինք ձեր հովուապետին հետ ու պէտք է խոստովանիմ թէ, շատ արագ կը գործէ։ Իր անդիմադրելի ժպիտով դիմացինը զինաթափ ընելէ ետք, անայլայլ կը ներկայացնէ խնդ-րանքը»։
Խօսակիցս, երբ Քէշիշեանէն իմացաւ հայ մամուլի աշխատակցութիւնս, «Այո՛, կ՛արտօնեմ որ ամբողջութեամբ մէջբերես կատարած վկայութիւնս», ըսաւ «ամպասատէօր» Մաքսուտ, հաստ ապակիներու ետեւէն աչքերը վրաս սեւեռելով…
Այստեղ հարց կը ծագի թէ զաւակ մը, իր հօր արժանիքները գնահատելու համար, արդեօ՞ք օտար դիւանագէտի կարծիքին պէտք ունէր…
Պարզ է։ Լիբանանի երկարատեւ պատերազմի արհաւիրքները, առիթ չտուին, որ հայրենի ժողովուրդն ու յատկապէս հայ սփիւռքը մօտէն ճանչնար, երիտասարդ նորընտիր կաթողիկոս պատրիարքը։
Միւս կողմէ, յաճախ կը պատահի որ, հայերս, փոքր այլ ժողովուրդներու նման, մեր արժէքները կամ կը գերագնահատենք, կամ ալ կը ստորագնահատենք… Այդ ուղղութեամբ, բախտաւորներու շարքին կարելի չէ դասել յատկապէս Հայ կաթողիկէ արժէքները… Ներկայ պայմաններու տակ, օտարին կարծիքը յաճախ աւելի ճշգրիտ հանգամանք կը զգենու։
Հայ ժողովուրդի գոյութեան այս հանգրուանին, երկնային պարգեւ է, Գասպարեանի տարողութեամբ դիւանագէտ, գործունեայ ու քաջ հովուապետի մը ներկայութիւնը միջազգային երկնակամարին վրայ։ Մենք կը հաւատանք նախախնամութիւն կոչուած նախածրագրումի մը գոյութեան։
Թող որ առանց ազգովին, դաւանական անօգուտ վէճերու մէջ մխրճուելու ու ժամավաճառ ըլլալու, գնահատենք մեր երիտասարդ կաթողիկոսի ազգօգուտ գործունէութիւնը, նեցուկ կանգնինք անոր, սիրով ու գուրգուրանքով պարուրենք զինք, ինչպէս ըրաւ համայն լոս անճելըսահայութիւնը, իր արի մամուլով, կուսակցութիւններով, գրող-մտաւորականներով, ուսումնական խորհուրդներով։
Յուսանք, ժամանակի ընթացքին վարակիչ կը դառնայ քալիֆորնիահայութեան, ինչո՞ւ չէ, ամբողջ ամերիկահայութեան այս լայնախոհ կեցուածքը։