ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Արմատական ընդդիմութիւնը երէկ, իր ղեկավարին բերանով արտայայտեց իր պահանջները Հայաստանի իշխանութիւններէն:
Մինչեւ իր հրապարակած 15 պահանջներուն կատարումը, արմատական ընդդիմութիւնը նախագահ Սերժ Սարգսեանը կը տեսնէ իբրեւ իշխանութեան գլուխ կանգնած մարդ, կեղծիքներով ու խարդախութիւններով անոր անօրինականօրէն ընտրուած ըլլալը ընդգծելով հանդերձ՝ ընդունելով անոր իշխանական լիազօրութիւնները, առնուազն մինչեւ նոր՝ արտահերթ ընտրութիւններ:
Նախագահի լիազօրութիւններուն կողքին, ըստ Տէր Պետրոսեանի բանաձեւումին, երկրին մէջ պիտի գործէ մէկ այլ «իւրայատուկ» իշխանութիւն մը եւս, որ մարմնաւորուած պիտի ըլլայ ՀԱԿի հանրահաւաքներու տեսքով, որոնք պիտի վերածուին «հասարակութեան ինքնակառավարման իւրատեսակ ֆորումի՝ օժտուած որոշումներ կայացնելու եւ դրանք գործադրելու լիակատար իրաւասութեամբ»:
Այս յայտարարութիւնը, անշուշտ, քաղաքական-ցուցական արարքի մը օրինականութիւն տալու յաւակնութեամբ՝ հրամանագիրի հնչեղութիւն ունի:
Այս յայտարարութեամբ, երկիշխանութեան պայմաններու տակ ապրող երկիրի մը, ժողովուրդի մը կը վերածուին Հայաստանն ու իր բնակչութիւնը՝ այդ իրավիճակէն բխող բոլոր վտանգներով:
Այս յայտարարութեամբ փաստօրէն, Մարտ մէկի իրադարձութիւններու տարելիցին օրն իսկ, նոր Մարտ մէկերու մղձաւանջով ապրելու հեռանկարը կը հրամցուի ժողովուրդին: Արդարեւ, Մարտ մէկի կրկնութիւնը երաշխաւորուած է, որովհետեւ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն ճակատումի սանձերը, յայտնի չէ, թէ որո՛նց ձեռքերուն մէջ են:
Անցեալ անգամ տեսանք, թէ ստեղծուած խռովալի վիճակին մէջ, ինչպէ՛ս ցաւագնօրէն անկառավարելի դարձաւ դէպքերուն ընթացքը, եւ ինչպիսի՛ արիւնալի հետեւանք ունեցաւ ցուցարար բազմութեան չղեկավարուած պոռթկումը:
Այս յայտարարութեամբ, Տէր Պետրոսեան արաբական յեղափոխութեան կրակով վարակուած ըլլալու յայտ կը ներկայացնէ՝ մինչեւ վերջ երթալու տրամադրութիւնը, սակայն, այնքա՛ն ալ վճռականօրէն չդրսեւորելով: