
ՄԵՏԻՍԸՆ, «Էյ.Փի.».- Փետրուար 25ի կանուխ ժամերուն, Ուիսքանսընի նահանգային խորհրդարանին հանրապետական մեծամասնութիւնը վաւերացուց նահանգային աշխատաւորական միութեանց իրաւունքները սահմանափակող բանաձեւը, որուն դէմ տասնեակ հազարաւորներու ցոյցեր տեղի կ՛ունենան նահանգին մէջ: Բանաձեւին ընդդիմացողները շեշտեցին, թէ բանաձեւը օրէնքի պիտի չվերածուի, մինչեւ զայն կարելի ըլլայ վաւերացնել նահանգային Ծերակոյտին կողմէ, որուն դեմոկրատ անդամները նահանգէն դուրս մեկնած են՝ բողոքելու համար յետադիմական այս բանաձեւին դէմ: Նահանգային իշխանութիւնները Հինգշաբթի օր ոստիկաններ ղրկած էին 14 դեմոկրատ ծերակուտականներու բնակարանները, զանոնք ժողովի «հրաւիրելու» նպատակով, սակայն ոչ մէկը կրցած են գտնել:
Ինտիանայի մէջ եւս, դեմոկրատ խորհրդարանականներ նահանգէն հեռացած են՝ բողոքելու համար աշխատաւորներու իրաւունքները խլելու նպատակով հանրապետականներու առաջադրած բանաձեւներուն դէմ:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ անցեալ տարուան վերջին եռամսեակին, տնտեսական աճը 2.8 տոկոս եղած է, յատկապէս տեղական կառավարութեան կողմէ որդեգրուած ծախսերը կրճատող քայլերուն արդիւնքով: Նախապէս հաղորդուած էր, որ նոյն եռամսեակին 3.2 տոկոսի աճ արձանագրուած է: