Ընդառաջելով 2011ը Հայ Մանուկի տարի հռչակող Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամին՝ Ազգ. առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինը Հինգշաբթի, Փետրուար 10ին կազմակերպած էր դասախօսական ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, եւ որուն ընկերացաւ ճաշկերոյթ մը։ Ձեռնարկը կը վայելէր առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ներկայութիւնն ու հովանաւորութիւնը։ Ներկայ էին Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան, առաջնորդարանի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ եւ աւելի քան հարիւր մասնակցիներ։
Ձեռնարկը թեմէն ներս առաջին պաշտօնական հանդիպումն էր՝ նուիրուած Հայ Մանուկի տարուան. նախատեսուած են այլ ձեռնարկներ եւս։
Բացման խօսք արտասանեց կազմակերիչ մարմինի անդամներէն Հուրիկ Ապտուլեան, որ նաեւ հանդիսավարն էր։ Ան ողջունեց ներկաները, անդրադարձաւ առիթին ու վեր առաւ նոր սերունդին հանդէպ հոգածութեան ու անոր առողջ կազմաւորման կարեւորութիւնը։
Առաջնորդը կատարեց սեղանի օրհնութիւնը եւ օրուան յատուկ բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ներկաներուն։ Ճաշէն ետք, յաջորդաբար դասախօսեցին Ազգ. Վահան եւ Անուշ Շամլեան վարժարանի փոխտնօրէնուհի Ռիթա Գաբրիէլեան եւ տնօրէն Վազգէն Մատէնլեան։
Առաջինին նիւթն էր՝ «Հայ մանուկին դաստիարակութիւնը ամերիկեան միջավայրին մէջ», իսկ երկրորդը՝ «Հայեցի դաստիարակութիւնը եւ նախադրեալները»։
Ռիթա Գաբրիէլեան, իբրեւ մեկնակէտ ունենալով վեհափառին պատգամը՝ խօսեցաւ հայ դպրոցի պարտաւորութեանց ու առաքելութեան մասին։ Ան նշեց, թէ հայ դպրոցը ունի կրկնակի պարտաւորութիւն՝ հայ մանուկը կրթել իբրեւ բարի նկարագիրի տէր ու հայօրէն ապրող անհատ. սակայն այս աշխատանքը պիտի տանի այն մտասեւեռումով, որ հայ աշակերտը հեռու պահուի միջավայրի բացասական ազդեցութիւններէն։ Ան անդրադարձաւ ամերիկեան միջավայրին մէջ հասակ առնող հայ մանուկին ու աշակերտին դիմագրաւած դրական ու ժխտական ազդեցութիւններուն։ Բանախօսը նշեց, որ արդի արհեստագիտութիւնը այսօր մեծ դիւրութիւններ կ՛ընծայէ անհատին, ներառեալ մանուկներուն, անոնց տրամադրութեան տակ դնելով համակարգիչը, արդիական սարքերով խաղեր, հաղորդակցութեան միջոցներ, պատկերասփիւռ, եւ այլն։ Այս բոլորը, անկասկած, որ ունին օգտակար երեսներ, պայմանաւ, որ ծնողներ ու երէց սերունդներ ազնիւ հակակշիռ ստեղծեն անոնց օգտագործման մէջ, որպէսզի մանուկները հեռու մնան չափազանցութենէ ու ժամանակի մսխումէ։ Դասախօսը մասնագիտական որոշ ուսումնասիրութիւններու հիմամբ ցուցմունքներ տուաւ, թէ արդի «գործիքներու» հաւասարակշռեալ օգտագործումը որքանո՛վ պէտք է տրամադրել մանուկներուն։ Ան բացատրեց, թէ անհաւասարակշիռ օգտագործումը ինչպիսի՛ դժուարութիւններ ու մինչեւ իսկ ֆիզիքական ու հոգեբանական ախտեր կրնան յառաջացնել։ Ան հպանցիկ բաղդատական մը կատարեց Միջին Արեւելքի մէջ հասակ առած մանուկներու շրջապատին ու ընկերային առաւելութիւններուն հետ, նկատելով, որ այստեղ, նման յարմարութիւններէ զուրկ կը մնան մանուկները։ Ան իր խօսքը եզրափակեց նշելով, թէ հայրենիքէն հեռու ապրող՝ ժառանգականութեամբ հայ, բայց միջավայրով ամերիկացի մեր մանուկներուն հանդէպ պէտք է ցուցաբերել հոգածու վերաբերմունք, որպէսզի անոնք աճին առողջ պայմաններու մէջ, ըլլան բարձր բարոյականի տէր հայորդիներ։
Վազգէն Մատէնլեան, իր կարգին խօսեցաւ հայ մանուկի հայեցի դաստիարակութեան մասին, շեշտելով, որ հայ հաւաքականութեան գործօն անդամը կը կերտուի մանկութենէն, հիմնականին մէջ հայ դպրոցի յարկին տակ, հայաշունչ միջավայրի ու մթնոլորտի մէջ, իսկ դպրոցին լրացուցիչ գործօնը հայկական միութիւններն ու կազմակերպութիւններն են։ Ան օրինակներով խօսեցաւ բարձր զարգացման հասնող անհատներու մասին, որոնք կրնան հեռու մնալ հայութեան հաւաքական գործի դաշտերէն, մինչդեռ կը հանդիպինք նաեւ անհատներու, որոնք կրնան բարձր զարգացում չունենալ, սակայն գործնապէս ներդրում կ՛ունենան հայութեան կեանքին մէջ։ Ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ անհատի մը զարգացման ու հաւաքական կեանքին մէջ գործունեայ ըլլալու չափանիշներուն՝ ընդգծելով, որ հայ դպրոցին ու հայկական նմանօրինակ միջավայրերուն պարտականութիւնն է մանուկին մէջ ստեղծել հաւասարակշռութիւն մը. մէկ խօսքով՝ կերտել անհատ մը, որ ոչ միայն քաջատեղեակ ըլլայ իր շրջապատի ու ժողովուրդի հարցերուն, խնդիրներուն, այլ նաեւ պատրաստուի իր դրական մասնակցութիւնը բերելու այդ հարցերուն դիմագրաւման գործի դաշտերուն մէջ։ Ըստ բանախօսին, Հայ դպրոցին առաքելութեան մէջ կ՛իյնայ կերտել հայրենասէր, գիտակից ու գործունեայ հայ անհատներ, իսկ հայկական միութիւններն ու կազմակերպութիւնները այն միջավայրերն են, ուր անհատը կը սորվի ու կը գործէ այնպիսի տուեալներով, որոնք կարելի չէ ձեռք բերել համալսարաններէ։ Իբրեւ եզրակացութիւն, ան ըսաւ, որ հայ մանուկին հայեցի դաստիարակութիւնը կը կերտուի հայ դպրոցին ու հայկական կազմակերպութեանց մէջ՝ երկու անխուսափելի ոլորտներ։
Ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդը։ Ան ողջունեց ներկաները, միութենական ներկայացուցիչները, ապա դրուատիքով անդրադարձաւ Տիկնանց օժանդակ մարմինի աշխատանքին՝ նշելով, որ այս տարի եւս, մարմինը եղաւ վեհափառի պատգամին գործնապէս առաջին ընդառաջողներէն։ Ան գնահատանք արձանագրեց հաճելին ու օգտակարը մէկտեղող այս ու նմանօրինակ ձեռնարկներու կազմակերպման համար, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց բանախօսներուն ներկայացուցած տեսակէտները։ Ան կարեւորութեամբ կանգ առաւ հայ մանուկի դաստիարակութեան ու հոգեմտաւոր աճին մէջ ծնողներուն, ուսուցիչին, դպրոցին ու եկեղեցւոյ դերին վրայ՝ նկատել տալով, որ ազգային տարբեր բնագաւառներու մէջ գործողներ, հայ մանուկի դաստիարակութեան ու իրենց ազգային աշխատանքներուն մէջ աւելի արդիւնաւոր կրնան ըլլալ, եթէ փոխադարձաբար զիրար ճանչնան, յարգեն ու գործակցութեան միջոցներ ստեղծեն։ Անդրադառնալով վեհափառի պատգամին՝ ան նկատել տուաւ, որ հոն կարեւորութեամբ շեշտուած է այն իրողութիւնը, թէ մեր մանուկները մեր ապագան են, ու եթէ այսօր կը նայինք մեր հայրենիքին, ժողովուրդին, եկեղեցւոյ ու ազգի ապագային, պէ՛տք է մեր աչքերը դարձնենք մանուկներուն: Ան յիշեցուց Յիսուսի այն պատգամը, թէ՝ մարդս պէտք է ըլլայ մանուկի նման, որպէսզի արժանի ըլլայ երկինքի արքայութեան, «իսկ մեր կեանքին մէջ, կայ նաեւ ազգային կեանքին արժանի ըլլալու կարեւորութիւնը», աւելցուց ան։ Խօսելով անձնական փորձառութենէ՝ ան յայտնեց, թէ իր ծնողները զինք առաջանորդած են հայ դպրոց, հայ եկեղեցի, ՀՄԸՄ, ապա նաեւ Անթիլիասի դպրեվանք։ Ան դրուատիքով անդրադարձաւ դպրեվանքի հայակերտման աշխատանքին ու շեշտեց, թէ հայ ծնողներ, ուսուցիչներ ու ազգային միջավայրի մէջ ծառայողներ յատուկ առաքելութիւններ ունին՝ ըլլալու հոգածու մեր մանուկներուն նկատմամբ։ Առաջնորդը զգուշացման հրաւէր ուղղեց, որպէսզի ծնողներ չիյնան չափազանցութիւններու մէջ, այլ ունենան արդար ու հաւասարակշռուած մօտեցում՝ մանուկին հոգեւոր, բարոյական, ազգային եւ մարդկային աճի կարիքներուն բաւարարութեան մէջ։
Հանդիպումը վերջ գտաւ առաջնորդ սրբազանին «Պահպանիչ»ով։