
ԷՋՄԻԱԾԻՆ, «Նիուզ».- Էջմիածինի մէջ, Փետրուար 17ին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Եան Ձիեչիի հետ քննարկած է մշակութային եւ տնտեսական գործակցութեան խնդիրներ:
Վեհափառը խօսած է հայ եւ չինացի ժողովուրդներու պատմական կապերուն մասին՝ կարեւոր համարելով ներկայ ժամանակներուն ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդումը եւ հետեւողական զարգացումը՝ համընդհանուր մարտահրաւէրներու յաղթահարման համար:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը նաեւ անդրադարձած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման անհրաժեշտութեան։ Կարեւոր համարուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը խաղաղ ճանապարհով լուծելու խնդիրը: