
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Խնկօ-Ապոր» ազգային մանկական գրադարանին մէջ, Փետրուար 17ին բացուեցաւ գիրքի եռօրեայ ցուցահանդէս-տօնավաճառը, որ վեցերորդ անգամ ըլլալով՝ կ՛իրականանայ գրադարանի տնօրէն Ռուզան Տօնոյեանի նախաձեռնութեամբ: Այս անգամ տօնավաճառին կը մասնակցին հայաստանեան շուրջ 36 տպագրատուներ եւ հրատարակչութիւններ:
«Յաջորդ ցուցահանդէսը յաւակնում է դառնալ միջազգային, որովհետեւ այս պահին արդէն յայտ են ներկայացրել Պէյրութի ու Հալէպի հայկական հրատարակչութիւնները, կը մասնակցեն նաեւ Վրաստանը, Իրանը», նշեց Ռուզան Տօնոյեան:
Ցուցահանդէս-տօնավաճառը պիտի շարունակուի մինչեւ Փետրուար 19, հայ մեծանուն գրող Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը:
Նշենք, որ այդ օրը Հայաստանի գրողներու միութեան կողմէ հռչակուած է՝ «Գիրք նուիրելու օր»: