ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, վերջապէ՜ս, հասաւ իր մուրազին.

Օտարալեզու դպրոցներ բանալու օրինագիծը հաստատեց ու ստորագրեց:
Անշուշտ, ասիկա ոեւէ մէկուն համար տարօրինակ կամ անբնական չէր, ան ըլլայ իշխանամէտ թէ ընդդիմադիր, հայաստանահայ թէ սփիւռքահայ, պարզապէս անոր համար, որ ի յառաջագունէ առնուած որոշում մըն էր. եղածը պարզապէս թատերական ցուցադրութիւն մըն էր:
Առաջին անգամ, երբ որ Ազգային Ժողովին մէջ «Լեզուի մասին» օրակարգին տակ դրուեցաւ օտարալեզու դպրոցներ բանալու հարցը, զայն հովանաւորողներն ու մշակողները գիտէին թէ հակազդեցութիւններ պիտի առաջանային, յատկապէս ժողովրդային-մտաւորական խաւերէն, բայց չէին կարծեր թէ ատոնք կրնային վերածուիլ ուռճացող ձիւնագնդիկներու:
Հնարամտութիւնը եղաւ այն, որ օրինագիծը ենթարկուի վերատեսութեան, բարեփոխումներ կատարուին մէջը, ինչպէս հայերէնագիտական նիւթերու պահպանում-դասաւանդում (՞), սակայն, առանց դպչելու օտարալեզու ըլլալու հանգամանքին ու խորքին:
Ո՞վ կրնար հակառակիլ վերէն (կամ դուրսէն) եկած հրամանին, ո՞վ կրնար չխանդավառուիլ նիւթական հաւանական յատկացումներու հոսքէն: Ո՞վ կրնար չենթարկուիլ Եւրոպական Միութեան կանոնադրութեան էութեան:
Ամէն ինչ ապահովուած էր. խորհրդարանականներու մեծամասնութիւնը (Հանրապետական, Բարգաւաճ Հայաստան, Օրինաց Երկիր) ստիպուած էր վաւերացնել օրինագիծը, որովհետեւ պրն. նախագահը այդպէս պահանջած էր, հրահանգա՛ծ, հետեւաբար, կը մնար որ՝ կրթութեան ու գիտութեան (անփորձ ու կամակատար) նախարար՝ Արմէն Աշոտեան, աջ ու ահեակ, հոս ու հոն, ամէն մարդու դաս տար օտարալեզու դպրոցներ բանալու անհրաժեշտութեան եւ օգտակարութեան մասին, տալ անոնց առաւելութիւններն ու բարեմասնութիւնները:
Այս երիտասարդ նախարարը, եթէ անհատական եւ ազգային արժանապատուութիւն ունենար, փոխանակ «սուրհանդակ»ի դեր կատարելու, աւելի ճիշդ պիտի չըլլա՞ր «խնդրելով պահանջել» ու այս թղթածրարը յանձնել լեզուագէտներու ու լեզուաբաններու ընտրանիի մը, իսկ եթէ մերժուէր իր առաջարկը, «փասափուսան» հաւաքէր ու տունը (կամ գործին) վերադառնար, տակաւին ապագայ ունենալով իր առջեւը:
Ուրիշ հարցում մը.
Բոլոր այն պատգամաւորները, որոնք ի նպաստ քուէարկեցին այս («այլանդակ») օրինագիծին, գոնէ ջախջախիչ մեծամասնութիւնը անոնց, արդէօք գիտէի՞ն թէ ինչ կ՛ընեն, արդէօք անդրադարձա՞ն իրենց առած քայլին ահաւորութեան, թէ՞ իրենց պարտականութիւնը պարզապէս «այո»ի կոճակ կոխելն էր:
Աւելին. «կոճակահար» պատգամաւորները «լեզուի մասին» օրէնքէն եւ անոր մանրամասներէն գաղափար ունէի՞ն, կը հասկնայի՞ն (այս ալ ուրիշ ողբերգութիւն մը, որուն անդրադառնալու առիթը կ՛ունենանք):
Դժուա՜ր թէ՝ տակաւին չըսելու համար որ, դժբախտաբար, Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն մեծ մասը հեռու է մտաւորական աշխարհէն, մշակոյթի բովէն, արուեստի կեանքէն, կրթական բնագաւառէն, ալ ու՜ր մնաց որ իրաւունք ունենայ լեզուի մասին արտայայտուելու կամ կարծիք յայտնելու:
Անկախութենէն ասդին, եթէ չեմ սխալիր, ասիկա առաջին Ազգային ժողովն է, ուր հայ միտքի, արուեստի ու մշակոյթի գործիչներու անընդունելի եւ աններելի բացակայութիւն մը կայ, ինչ որ ցոյց կու տայ մտահոգիչ սնանկութիւն մը, վերյիշեցնելով խորհրդարանական ընտրութիւններու գործընթացին անհեթեթութիւնն ու անյարիրութիւնը, զեղծարարութիւնն ու կասկածելիութիւնը:
Այս մատնանշումները չեն բխիր աժան կամ գծուծ նկատառումներէ, այլ՝ չոր ու դառն իրականութիւններէ, որոնք, այս պարագային, կ՛առնչուին Հայ դպրոցին նկատմամբ ցուցաբերուած սր-բապղծութենէն՝ ի դէմս օտարալեզու դպրոցներ բանալու բարդոյթին, որ կրնայ, օր մը, պէտք է համոզուիլ, աւերիչ հետեւանքներ ունենալ առաջինի հաշւոյն, երկրորդին տարածումով:
Պէտք չէ մոռնալ, որ այս օտարալեզու դպրոցները պիտի ֆինանսաւորուին դուրսէն, պիտի հրապուրեն նոր սերունդը-ծնողները, ներածուած բարքերու գնով կամ քաղքենիացումի փորձերով, ստուերելով Հայ դպրոցին դերակատարութիւնը եւ, ինչու ոչ, նաեւ հայու ինքնութիւնը:
Եթէ հայրենի իշխանութիւնները կը հաւատան, որ Հայաստան ժողովրդավարական երկիր մըն է, ապա, այսպիսի ԱԶԳԱՅԻՆ ՀՐԱՏԱՊ հարցի մը պարագային, ինչո՞ւ չեն լսեր (կամ չլսեցին) հայ ժողովուրդին կարծիքը, չշօշափեցին անոր բազկերակը, անտեսեցին պոռթկումները, արհամարհեցին բողոքները, չէզոքացուցին մասնագէտները:
Աւելի դիպուկ՝ դիմելով նոյնինքն ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն ու ակունքներուն, ինչու՞ հանրաքուէի խաղաթուղթը չի գործածուիր, դրական թէ ժխտական պատասխանատուութիւնը ձգելով քուէարկողներու ազգային-քաղաքացիական խիղճին:
Բայց զարմացնողը այն է, որ հայրենի համապատասխան մասնագէտները՝ ակադեմականներէն մինչեւ դասախօսականը, լեզուաբաններէն մինչեւ հայերէնագիտակները, որոնք ծառացան այս օրինագիծին դէմ, մեծամասնութեամբ, յանկարծ լռեցին, պապանձեցան:
Կրնա՞յ ըլլալ որ անոնք «գոհացում» ստացան բարեփոխեալ (՞) տարբերակէն, թէ՞՝ նոյն «հրահանգ»ը իրենց ալ հասաւ, փսփսացի՛ն:
Ատենին (թերեւս հիմա ալ), անկախութեա՜ն առիթներէն օգտուելով, համալսարաններ բանալու ու հիմնելու «հաւէս» մը վարակեց շատերը եւ ետեւ-ետեւի սունկի նման աճեցան անոնք, մեծապէս վնասելով անցեալ, վաստակ ու հմայք ունեցող համալսարաններուն:
Օրին մենք հարցադրեցինք, թէ ինչո՞ւ են այս աւելորդ «պերճանք»ները, երբ կարելի էր աւանդական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնները (ԲՈՒՀ) հարստացնել, ընդարձակել ու զօրացնել: Չէ՞ որ անոնք տուած են հազարաւոր արժանաւոր մասնագէտներ (ընդ որուն նաեւ՝ սփիւռքահայեր), որոնք պատիւ ու վարկ կը բերեն հայ ժողովուրդին:
Ասիկա, անշուշտ, ուրիշ բաց փաթեթ մըն է, մանաւանդ երբ երկու (երկուքուկէ՞ս) միլիոն հաշուող Հայաստանի մը համար, այդքան համալսարաններ ունենալը վարկանի՞շ է, բարենի՞շ է, թէ՞ ձեւանիշ:
Յամենայն դէպս, մենք Սփիւռքի մէջ, երբ որ կը պայքարինք Հայ դպրոցը վնասազերծելու օտարութիւններու ախտերէն, (եւ ի՜նչ մարտահրաւէրներով ու մագլցումներով), ինչպէ՞ս պիտի կարենանք համակերպիլ հայրենական այս օրինագիծի «վիժուածք»ին հետ, որ կը վիժեցնէ նաեւ Հայ դպրոց ու հայ լեզու հասկացողութիւնները:
***
Տակաւին թող շարունակուի վարդագունութեամբ հարբեցողութեան գինարբուքը, մինչ՝ տեղ մը կը ձեւաւորուի մոխրագունութեամբ խորովածարբուքը: