Փետրուար 3ին, «Արարատ» վարժարան այցելեց Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, ընկերակցութեամբ իր անձնակազմի պետ Ատրին Նազարեանի ու ներկայացուցիչ Մշակ Ղազարեանի:
Հիւրերը դիմաւորուեցան պետական «Չարթըր» վարժարաններու ցանցին մէջ գործող սոյն վարժարանի հոգաբարձութեան անդամ Գաբրիէլ Ինճէճիկեանի եւ վարժարանի տնօրէնուհի Այտա Թաթէոսեանի կողմէ:
Փօլ Գրիգորեան այցելեց վարժարանի դասարանները՝ դիտելով անոնց պատի թերթերուն, ինչպէս նաեւ պատերուն վրայ զետեղուած աշակերտական ստեղծագործական աշխատանքները՝ գրութիւններ, գծագրութիւններ, քարտէսներ, ցուցակներ եւ լուսանկարներ, որոնք իւրայատուկ դիմագիծ տուած էին իւրաքանչիւր դասարանի: Ան նաեւ ստուգեց դասարաններու «ուայթպորտ»երուն (ե-լեկտրոնային ցուցատախտակ) վրայ դրուած դասարանային աշխատանքներու մասին տեղեկութիւնները ու զրուցեց աշակերտներուն հետ:
Փօլ Գրիգորեան նաեւ այցելեց վարժարանի ճաշարանն ու համակարգիչներու սրահները, ինչպէս նաեւ զրոյցներ ունեցաւ ուսուցիչներու եւ անձնակազմի անդամներուն հետ, յիշեցնելով, որ նախքան վարժարանին հաստատումը, երբ ինք Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի կամ Պըրպենքի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ էր, եւս նպաստած էր ու խորհուրդներ տուած անոր պատասխանատուներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.