ԵՐԵՒԱՆ.- Միացեալ Նահանգներ եւ Հայաստան կնքած են «Առեւտուրի եւ ներդրումներու համաձայնագիր» մը, որ կ՛ենթադրէ ամուր տնտեսական կապեր եւ լայն համագործակցութիւն, առեւտուրի արգելքի յաղթահարման եւ ներդրման աճող հնարաւորութիւններ, մաքսային կայուն ղեկավարում եւ կրկնակի հարկերէ խուսափում, եւ ամենակարեւորը՝ առեւտրային ընդլայնուած կապեր սեփական հատուածի ներկայացուցիչներուն հետ:
ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամա ողջունած է համաձայնագիրին կնքումը՝ մասնաւորապէս յայտնելով. «Իմ վարչակազմը ամէն ինչ պիտի ընէ Հայաստանի զարգացումը խթանելու համար՝ զօրացնելով քաղաքական, առեւտրային, մշակութային եւ ռազմական կապերը ԱՄՆի եւ Հայաստանի կառավարութիւններուն միջեւ»:
Հայաստանի ԱՄՆի առեւտուրի պալատի պատասխանատու Դաւիթ Աթանէսեան յայտարարած է, որ համաձայնագիրի իրագործումը լաւ առիթ է երկու գործընկեր պետութիւններուն միջեւ կապերու բարելաւման եւ ամրապնդման համար:
Իր հերթին, ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Արամ Համբարեան, ողջունելով համաձայնագիրին կնքումը՝ ըսած է. «Մենք մեր գոհունակութիւնը կը յայտնենք Դաւիթ Աթանէսեանին եւ Ամերիկայի առեւտուրի պալատին, սոյն նախաձեռնութեան համար: Համաձայնագիրին շնորհիւ, պիտի աշխուժանան հայ-ամերիկեան առեւտրական կապերը: Անիկա ո՛չ միայն պիտի խթանէ առեւտրային համագործակցութիւնը, այլեւ էական դերակատարութիւն պիտի ունենայ երկու երկիրներուն միջեւ կապերու զարգացման մէջ»:
ԱՄՆի առեւտուրի պալատը կոչ ըրած է նաեւ Օպամայի վարչակազմին աշխուժօրէն նպաստելու ԱՄՆ-Հայաստան առեւտրային կապերու զարգացման: Քոնկրեսականներ Ռապըրթ Էնտրիւս, Ռոտնի Ֆրելինկհայսըն եւ Լէոնարտ Լենս նամակ յղած են ԱՄՆի առեւտուրի ներկայացուցիչին եւ դեսպան Ռոնալտ Քըրքին՝ կոչ ընելով, որ շուտափոյթ կեանքի կոչեն նշեալ համաձայնագիրով նախատեսուած դրոյթները: