ԱԼԹԱՏԻՆԱ, «Մասիս».- Լոս Անճելըսի Թէքէեան մշակութային միութեան կազմակերպութեամբ, «Պեշկէօթիւրեան» սրահին մէջ, Դեկտեմբեր 16-17ին տեղի ունեցաւ երիտասարդ նկարիչ Վազգէն Մաթեանի ստեղծագործութեանց անհատական ցուցահանդէսը: Ձեռնարկին բացումը կատարեց կազմակերպիչ միութեան վարչութեան ատենապետ Վաչէ Սեմերճեանը, ապա խօսքեր առին նաեւ Օշին Քէշիշեան ու Տիգրան Էքիզեան:
«Ձեւերու բիւրեղեայ ճշգրտութիւնը եւ պարզութիւնը կը վանեն այն երկմտութիւնը, զոր հանդիսատեսը յաճախ կ՛ունենայ վերացական կամ քիւպիստ գործերու առջեւ», կը գրէ Սարգիս Վահագն, որ կ՛աւելցնէ. «Իրմով, մեր նկարչական արուեստը կը հարստանայ նոր ու տոկուն արժանիքներով օժտուած արուեստագէտ նկարիչով մը եւս»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.