Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն եւ հոգաբարձութեան խնդրանքին ընդառաջելով, Կիրակի, Դեկտեմբեր 26ին, սոյն եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ սարկաւագական ձեռնադրութիւն կատարեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան։
Քրիստոնեայ եկեղեցւոյ առաջին մարտիրոս Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնի շաբաթավերջին, սարկաւագական կարգ ստացան եկեղեցւոյ նուիրեալ վեց ուրարակիրներ՝ Հրանդ Կէօքկէօզեանը, Սեդրակ Քարատօլեանը, Րաֆֆի Նալճեանը, Րաֆֆի Քիւրքճեանը, Արթուր Մաճառեանը եւ Միհրան Վարդանեան։
«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, առաջնորդին գլխաւորած թափօրը եկեղեցի մուտք գործեց եւ քարոզէն անմիջապէս առաջ տեղի ունեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւն, որուն ընթացքին խարտաւիլակ քահանայ հայրերը ձեռնադրեալները ներկայացուցին առաջնորդին: Սրբազան հայրը քահանայ հայրերուն վկայութիւնը ուզեց նուիրեալներու բարեկենցաղ ընթացքին մասին, եւ թէ՝ արժանի՞ են անոնք սարկաւագական աստիճանի կարգ ստանալու։ Անոնց դրական վկայութիւնը ստանալէ ետք, սրբազան հայրը նուիրեալներուն շնորհեց սարկաւագական կարգ, եւ անոնց վրայ իր ձեռքերը դնելով՝ աղաչեց Ս. Հոգիէն, որ անոնց վրայ հանգչի, մաքրէ զանոնք ամէն տեսակ աշխարհիկ մտահոգութիւններէ եւ արժանի դարձնէ սարկաւագական կոչում ստանալու։ Յուզիչ էր պահը, երբ ձեռնադրեալները դէպի արեւմուտք դառնալով ու իրենց ափերը հրաժարիմքի ձեւով լայն բանալով՝ հրաժարեցան աշխարհիկ զբաղմունքներէ եւ կոչուեցան ի դպրութենէ ի սարկաւագութիւն։ Անոնք ապա իրաւունք ստացան պատարագիչ եկեղեցականը զգեստաւորելու, Ս. Սկիհը վերաբերելու, խորհրդատետրէն կարդալու, Աւետարան ընթերցելու եւ բուրվառ կատարելու։
Ապա առաջնորդը իր հոգեշունչ պատգամը տուաւ եւ յորդորական խօսքեր ուղղեց նորընծաներուն։ Ան վեր առաւ նահատակ Ս. Ստեփանոս նախավկայ սարկաւագի առաքինութիւնները՝ որպէս համայն սարկաւագներու տիպար օրինակ, ու թելադրեց նորոգ ձեռնադրեալներուն հետեւիլ իրենց ուսուցիչին, մանաւանդ խրախուսեց չթուլնալ, չտկարանալ ու յարատեւել իրենց սրբանուէր կեանքին մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.