ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Դեկտեմբեր 29ին, Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեան հանդիպած է բնապահպանական հիմնարկներու ներկայացուցիչներուն հետ: Քաղաքապետը կարեւոր համարած է մայրաքաղաքի բնապահպանական հայեցակարգի յստակեցումը՝ հիմք ընդունելով արդէն իրականացած եւ մշակուած ծրագիրները:
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղակատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդումով, հանդիպման ներկայ մասնագէտները ներկայացուցած են մայրաքաղաքի բնապահպանական իրավիճակին վերաբերեալ իրենց կարծիքներն ու առաջարկները: Ոլորտի խնդիրներու արդիւնաւէտ կարգաւորման նկատառումով, Կարէն Կարապետեան կարեւոր համարած է քաղաքապետարանին եւ գիտական կազմակերպութիւններուն համագործակցութիւնը՝ նշելով, որ պէ՛տք է խօսիլ բաց ու թափանցիկ՝ չխուսափելով ծաւալուն ծրագիրներէ:
«Ձեզանից ակնկալում եմ կիրառական առաջարկութիւններ՝ հաշուի առնելով Երեւանի զարգացումը, միաժամանակ կանաչապատման ցուցանիշն աւելացնելու եւ մայրաքաղաքն յարմարաւէտ դարձնելու անհրաժեշտութիւնը», նշած է Կարէն Կարապետեան: