
ԵՐԵՒԱՆ, «Սլաք».- Ամերիկահայ բարերար, սփիւռքի նախարարութեան ատեանի անդամ Վահէ Կարապետեան արժանացած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան բարձրագոյն պարգեւին՝ Ոսկի մետալին: Ըստ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի յղած շնորհաւորական ուղերձին, Վահէ Կարապետեան ոսկի մետալին արժանացած է հայրենիքի կառուցման գործին մէջ իր մեծ ներդրումին, Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Արցախի մէջ ծաւալած բարեսիրական հայրենանուէր գործունէութեան, հայապահպանութեան ու հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման շնորհակալ գործին մէջ ունեցած իր մեծ աւանդին համար, ինչպէս նաեւ՝ ծննդեան 70ամեակին առիթով:
«Դուք վստահօրէն ընթանում էք բարեգործութեան, գթասրտութեան, հայրենասիրութեան այն մեծ ճանապարհով, որը կերտել են աշխարհասփիւռ հայ ժողովրդի արժանաւոր զաւակները: Դուք հայ ժողովրդի մեծ երազանքները իրականացնելու նուիրեալ էք ու հաւատաւորը», ըսուած է Վահէ Կարապետեանին ուղղուած՝ նախարարի նամակին մէջ:
Նշենք, որ 1974ին, Վահէ Կարապետեանի շնորհիւ, Հոլիվուտի մէջ կառուցուած է Սուրբ Սարգիս մայր եկեղեցին: Անոր բարեգործութիւններէն են 850 աշակերտ ունեցող «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» վարժարանի քառայարկ շէնքին կառուցումը, UCLA համալսարանի հայագիտական ամպիոնի ստեղծման մասնակցութիւնը, Լաչինի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ կառուցումը, Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհաշինութեան կազմակերպութեան հիմնումը, (որ բացառապէս բարերարին միջոցներով, 2002էն ի վեր կը շարունակէ իրականացնել ճանապարհի ընթացիկ վերանորոգման եւ բարեկարգման աշխատանքները), մասնակցութիւնը Ամարասի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հիւսիս-Հարաւ ճանապարհի շինարարական աշխատանքներուն, նաեւ շուրջ կէս միլիոն տոլար արժող սարքերու եւ ինքնաշարժներու նուիրատուութիւնը Հայաստանի ոստիկանութեան, «Արցախի Ձայներ» մանկական երգչախումբի՝ ամերիկեան շրջագայութեան նիւթական բաժինը եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կազմակերպած ամէնամեայ հեռուստամարաթոնին մեծաքումար նուիրատուութիւնները։
ԱՄՆի եւ Հայաստանի մէջ Վահէ Կարապետեան հիմնադրած է հասարակական կազմակերպութիւններ, որոնք կոչուած են բացայայտելու հայ ազգային գիտակցութիւնը: