
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նիւ Եորքի մէջ կայացող ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին կողմէ վերջին քանի մը օրերուն միաձայնութեամբ որդեգրուած են բանաձեւեր, որոնք կարեւոր կը նկատեն ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը։ Ընդհանուր ժողովը, վաւերացնելով «Ազգերու ինքնորոշման համընդհանուր իրականացումը» խորագիրով բանաձեւը՝ կը վերահաստատէ այդ իրաւունքը եւ կոչ կ՛ուղղէ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելու այս իրաւունքի ոտնահարման դէպքերուն։ Կազմակերպութեան անդամ բազմաթիւ երկիրներ կը հաւատան, որ ինքնորոշման իրաւունքը կը հանդիսանայ միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներէն մէկը. անիկա արդիական է եւ կը համարուի միջազգային ամբողջ համակարգի կարեւորագոյն սիւներէն մէկը։
Այլ բանաձեւ մը, որ կ՛առչնուի ՄԱԿի եւ Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան միջեւ համագործակցութեան, կը նշէ, թէ այս երկու միջկառավարական կառոյցները պէտք է շարունակեն համագործակցութիւնը միջազգային խաղաղութեան, զինաթափման, մարդկային իրաւանց եւ հիմնարար ազատութիւններու ու ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի հետ կապուած հինմահարցերու լուծման համար։
Վերոնշեալ բանաձեւերու որդեգրման նախորդած են ՄԱԿի համապատասխան մարմիններուն մէջ քննարկումներ, որոնց, ՄԱԿի շահագրգիռ այլ անդամ երկիրներու կողքին, մասնակցած է նաեւ Հայաստանը։