ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ինքնաշարժներու ապահովագրողներու բիւրոյի մամլոյ պատասխանատու Արմինէ Յակոբեան յայտնած է, թէ Դեկտեմբեր 21ի դրութեամբ, Հայաստանի մէջ արձանագրուած է ինքնաշարժներու շուրջ 20 տոկոսը: Ան նշած է, թէ ցուցանիշը բաւական ցած է, սակայն անիկա պայմանաւորուած է յատկապէս հայերը բնորոշող գիծով մը՝ գործը վերջին օրերուն ձգելու սովորութեամբ: «Կարծում եմ, որ այս տասն օրը բաւականին ծանրաբեռնուած կը լինեն», նշած է ան՝ հաղորդելով, որ ապահովագրական բոլոր գործակալութիւնները պիտի աշխատին մինչեւ տարուան վերջին օրը:
Դեկտեմբեր 31ին, ըստ Ա. Յակոբեանի, բոլոր գործակալութիւնները ապահովագրուած մեքենաներու մասին տուեալները պիտի փոխանցեն ՀՀ ոստիկանութիւն, եւ չապահովագրուած մեքենաներուն համար պիտի կազմեն տուգանքներու ցուցակները: Չապահովագրուած մեքենաներու սեփականատէրերը, իւրաքանչիւր տասը օրուան համար ստիպուած պիտի ըլլան վճարել 5000 դրամ, սակայն տարեկան ոչ աւելի, քան 50,000: «Դա չի գանձուելու որպէս ապահովագրավճար, այլ՝ տուգանք, դրանից յետոյ էլ, միեւնոյնն է, մեքենան պէտք է ապահովագրուի», ըսած է Յակոբեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.