ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 120ամեակին առիթով, կ՛արժէ անդրադառնալ, յիշատակել, մեր յարգանքի տուրքը տալ ու վերածանօթացնել հայ ժողովուրդին ու ՀՅ Դաշնակցութեան լաւագոյն բարեկամներուն, որոնք ականատես վկաները եղած են մեր ժողովուրդին չարչարանքներուն ու մօտէն գործակցած ՀՅ Դաշնակցութան այդ օրերու ղեկավարութեան հետ: Անոնցմէ մէկը եղած է ֆրանսացի յայտնի հրապարակագիր եւ հանրային գործիչ Փիեռ Քիյէառ:

Փիեռ Քիյէառ իր խօսքով ու գործով անգնահատելի աշխատանք տարած է յօգուտ մեր բազմատանջ ժողովուրդին՝ համիտեան բռնապետութեան տաժանելի տարիներէն 1892-1896 թուականներուն: Այդ չորս տարիներուն ան ապրած է Պոլիս եւ իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնավարելով Կալաթայի Կեդրոնական վարժարանին մէջ, առիթը ունեցած է մօտէն ճանչնալու մեր ժողովուրդը ու անոր փրկութեան նուիրուած հայ գործիչները: Եղած է ականատեսը մեր տառապանքներուն եւ Փարիզ վերադարձին, ըմբոստացած խղճով սկսած է պայքարիլ գազան Ապտիւլ Համիտին եւ անոր կիրարկած հայահալած քաղաքականութեան դէմ, գործի մղելով միաժամանակ իրեն պէս մտածող եւ իրեն չափ ընդվզած ուրիշ ֆրանսացի մեծանուն դէմքեր, ինչպէս Գլեմանսոն, Ժորէսը, Փրէսանսէն, Անաթոլ Ֆրանսը, եւլն.
«Դրօշակի» խմբագրութիւնը, թերթի 1899ի Սեպտեմբերի թիւին մէջ, հետեւեալ խմբագրական ծանօթութեամբ կը ներկայացնէ Փիեռ Քիյէառը իր ընթերցողներուն. «Պր. Փիեռ Քիյէառ, բանաստեղծ եւ հրապարակագիր, անծանօթ մը չէ մեր հասարակութեան: Երկար ատեն Պոլիս ապրած, մօտէն ծանօթ թիւրք կեանքին, սիրած հայ ցեղը իր բոլոր առաւելութիւններով ու թերութիւններով, հայկական խնդիրին ամէնէն ամեհի ախոյաններէն մէկը եղած է: Հզօր գրիչ մը, անկաշկանդ միտք մը, բարձր հոգի մը, ահա բնորոշ գիծերը այն մարտիկին, որ երեք տարիէ ի վեր անդուլ կը յուզէ ֆրանսայի հանրային կարծիքը արմատական մամուլին մէջ, դեռ վերջերս ալ, ինչպէս գիտեն մեր ընթերցողները, «Օրօր»ին ՄԵԾ ՄԱՐԴԱՍՊԱՆ խորագրով բաժնին տակ, օրուան խնդիրներուն կարգն անցուց մեր դատը»:
Ան ծնած է Փարիզ 1864ին: Մեծապէս ցայտուն եղած է իր մօտ հրապարակագրի կարողութիւնը, զօր կարելի է ըսել ամէնէն աւելի ի սպաս դրած է Հայ Դատի քարոզչութեան. ան դարձած է մնայուն աշխատակիցը արմատական «Օրօր» (Արշալոյս) թերթին, իսկ աւելի ետքը, 1900ի վերջերը, նախաձեռնարկ եղած է եւ հրատարակած «Փրօ Արմէնիա» (Հայաստանամէտ) թերթը: Եղած է թերթին խմբագրապետը, իսկ խմբագրութեան մաս կազմած են Գլէմանսօ, Ժորէս եւ Փրէսանսէ: Իր անհամար յօդուածներէն զատ առանձինն հրատարակած է նաեւ երկու գիրքեր, «Արեւելեան Հարցը»՝ 1898ին, եւ «Հայաստանի Համար»ը՝ 1902ին: Եւ վերջապէս, Փիեռ Քիյէառ ընդհանուր քարտուղարը եղած է Մարդկային իրաւանց պաշտպան լիկային:
Իր հանրային ու քաղաքական գործունէութեան գծով շատ սերտ եղած է Փ. Քիյէառի կապերը ՀՅ Դաշնակցութեան եւ անոր ղեկավարներուն հետ՝ Փարիզ, Ժընեւ, Պոլիս եւ այլուր: Ան օգտագործած է իր կապերը աւելի մօտէն ճանչնալու համար, մեր ժողովուրդն ու անոր յեղափոխական զաւակները եւ ուղղութիւն տալու համար իր աշխատանքներուն: Այնքան սերտ եղած են այդ կապերը, որ Քիյէառ, ՀՅԴ Բիւրոյի մասնաւոր հրաւէրով մասնակցած է դաշնակցութեան Գ. Ընդհանուր ժողովին, որ գումարուած է 1903ին, Սոֆիայի մէջ: Նոյն ժողովին ներկայ գտնուած է նաեւ, ռուսական բանակի նշանաւոր հայ զօրավարներէն Լորիս Մելիքով:
«Հիւրրիէթ»ի հռչակումէն քիչ ետք, 1908ի վերջերը Փ. Քիյէառ իր կնոջ հետ կերթայ Պոլիս ու կը մնայ այդտեղ ամիսներով. հոն եւ այլուր ան կարժանանայ համահայկական գուրգուրանքի եւ երախտագիտութեան: Տապալած էր համիտեան դաժան բռնակալութիւնը, թէեւ բռնակալը կը պահուէր դեռ իր գահին վրայ: Փոխուած այս մթնոլորտին մէջ է, որ ան կը խօսի հանրային բեմերէն, անսահման խանդավառութիւն ստեղծելով իր շուրջ: 1909ի սկիզբը Պոլիսէն կերթայ Իզմիր այնտեղ ալ ստեղծելով միեւնոյն խանդավառութիւնը: Ապա Պոլսոյ վրայով կը վերադառնայ Փարիզ, ուր հասնելէն տարի մը եւ 10 ամիս անց, վիրաբուժական գործողութեան մը հետեւանքով ան կը փակէ իր աչքերը Նէօյիի մէջ, 20 Յունուար 1912ին, 47 տարեկան հասակին:
Փիեռ Քիյէառի անժամանակ մահը կը յուզէ հայ ժողովուրդն ու ՀՅ Դաշնակցութիւնը. անդարմանելի էր իր կորուստը մանաւանդ այն տարիներուն. հայկական դատի հետապնդման կապակցութեամբ կատարուելիք այնքան գործեր կային տակաւին: Վեր առնելու համար անոր իւրայատուկ տեղը հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ, հայկական դատի հետապնդման եւ հայանպաստ պայքարի մղման գծով, շահեկան պիտի ըլլար գիտնալ, թէ ինչպէս հասկցուած եւ գնահատուած էր Փիեռ Քիյէառի տարած աշխատանքը իրեն ժամանակակից հայ ղեկավարութեան կողմէ:
Մահուան գոյժը Ժընեւ հասնելէն ետք, ՀՅ Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթը «Դրօշակ», 1912ի Յունուարի թիւին մէջ կը գրէ հետեւեալ սրտառուչ տողերը. «Մի անողոք մահ եւ մի ծանր կորուստ. Հեռագիրը գուժեց Փարիզից մեր խմբագրութեան, որ Պիէռ Քիյէառ յանկարծամահ է եղել, ընդամէնը 47 տարեկան հասակում, իր հարուստ ձիրքերի զարգացման գագաթին, գերեզման է իջնում այն մարդը, որ բոլոր հայասէր եւրոպացիների մէջ ամենահարազատն էր մեզ համա՛ր, մի մտերիմ, մի ընկեր, աւելի քան ընկեր, ԲԱՐԵԿԱՄ, այդ բառի իսկական նշանակութեամբ, այդ գաղափարի ամենավեհ իմաստով: 17 տարուց ի վեր նա անդադար շեփորում էր անկարեկիր աշխարհի առջեւ, հայ ժողովուրդի նուիրական ու ողբերգական դատը, նրա արիւնոտ ճգնաժամն ու օրհասը. 12 տարուց ի վեր նա մեզ հետ էր, դաշնակցութեան հետ, բաժանում էր մեր յաջողութիւնների բերկրանքը եւ ձախորդութիւնների վիշտն ու դառնութիւնները. Մեր շարքերից է որ պոկւում է մի խոշոր դէմք, հայոց մռայլ երկնակամարից է որ անհետանում է մի պայծառ աստղ: Կիյէառի մահը սուգ է հայ ժողովրդի, հայ երիտասարդութեան համար. Ասուած է որ ամէն մարդ երկու հայրենիք ունի, ֆրանսացի Կիյէառը երկու սիրուած հայրենիք ունէր, իր սեփականը եւ Հայաստանը:
Փ. Քիյէառի մահուան լուրը տարածուելէ ետք սգահանդէսներ կը կազամակերպուին իր յիշատակին Պոլիս, Իզմիր եւ այլուր. Բերայի սգահանդէսին, 4 Փետրուար 1912ին, կը բանախօսեն ու հանգուցեալին գովքը կը հիւսեն Ակնունի, Խաժակ, Վռամեան, Պետրոս Հալաճեան եւ ուրիշներ, իսկ Կոմիտաս Վարդապետ կը մասնակցի սգերգով մը: Նոյն օրը «Ազատամարտ» կը հանէ հանգուցեալին նուիրուած բացառիկ թիւ մը ուր բազմաթիւ յօդուածագիրներ կը դրուատեն Փիեռ Քիյէառի անձնուէր գործունէութիւնը:
Քանի մը մէջբերումներ:
Գ. ԶՕՀՐԱՊԷՆ.- Ուսուցիչ, քերթող, հրապարակագիր, մտաւորական մը. մէկը անոնցմէ որ կեանքը կ՛ապրին իշխելով, կոխկռտելով անոր վրայ տիրաբար, աշխարհակալի մը պէս, ոչ թէ պզտիկնալով շարունակ անոր առջեւ եւ միմիայն իրեն անձին սահմանելով զայն, գրկաբաց կեանք, գրկաբաց բոլոր տառապողներուն հանդէպ, բոլոր արհամարհուածներուն եւ զրկ-ուածներուն: Հարուածներ կան զօր մարդս կընդունի առանց տրտունջ մը հանելու, առանց ճիչ մը, աղաղակ մը արձակելու, անոր համար որ անոնք ուղղակի սրտին կիջնեն եւ լեզուն կը կապեն, Փիէր Քիյէառի մահը մեր ազգին համար անոնցմէ է:
Է. ԱԿՆՈՒՆԻ.- 1900ին էր, 12 տարի առաջ, որ հայ ցաւի երգիչը, միջազգային ամբիոնի վրայ կանգնած, հռչակեց իր հզօ՛ր սպասարկութիւնը տանջուող ժողովուրդին. Ու այն ժամանակ, «Դրօշակ»ի էջերում ողջունեցինք նրա վեհ գործը: Անցել է 12 տարի, ազատութեան արշալոյսին էր, որ հայ ցաւի երգիչը Պոլիս մտաւ, վայելելու իր աշխատանքը, կանգնած բռնարանի բեկորների վրայ. Նրա երանդը սահման չունէ՛ր: Ողջունեցինք գաղափարի մարդը եւ նրա աննման աչքերի մէջ տեսանք, թէ որքան ուժգին է նրա բերկրանքը, որքան սաւառուն նրա երազը: Սակայն նա ունէր մի այլ երազ, մի օր էլ, տարիներ յետոյ գնալ աւելի հեռաւոր հայ երկրի ներսը, համբուրել այն հողը, որ հեռուից այնքան սիրեց, երկրպագելու այն շիրիմները, որ այնքան փառաբանեց: Բայց կէս ճամբան ընկաւ, ինչպէս խորարմատ կաղնին փոթորկի առջեւ, յանկարծակի եւ կիսաշխատ, երբ դեռ ուժեր ունէր կրծքին տակ ու մեծ մտքեր իր փայլուն ուղեղի մէջ:
Ռ. ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ.- Ո՛չ, երբեք հակասութիւն մը չէ, որ բանաստեղծը, արուեստով գերազանցօրէն ազնուական, եղաւ կեանքի ըմբռնումով հանրավարական ու հաւատացեալ համամարդկային իտէալներու: Դէպի կատարելութիւն ձգտող հոգին չի կրնար չերազել աւելի արդար, աւելի պայծառ եւ աւելի ներդաշնակ ու կատարեալ մարդկութիւն մը, քան այն որ կայ այժմ, անհաւասար ու անիրաւ, զօրաւորը՝ ամբարտաւան ու եսասէր, տկարը՝ ոտնահարուած ու գետնասող: Ու մեր նոր սերունդին համար ի՛նչ աւելի բարձրացնող իբրեւ ներշնչման խորհրդանշան քան կատարեալ արուեստագէտի եւ կատարեալ մարդու այն տիպարը, որ կը ներկայացնէ Փիեռ Քիյէառը, հայ ժողովուրդի ազատագրական գործին հոյակապ ախոյեաններէն մին:
ՄԱՐԷՆ.- Օտար չէ, մերն է, մերը այն թրթռացող, այդ ազնիւ սիրտը. Մեր Քիյէառը: Մենք մի Քիյէառ ունէինք, ուրիշ էլ չկայ: Մեր բարեկամը, մեր ընկերը, մեր վշտին վշտակիցը, մեր ժպիտին խնդակիցը. Մերն է նա: Գաղափարներով նոյնացած, մեր զգացմունքներով տոգորուած, մեր սրտերով կոփուած, ջարդերի հանդէպ մեր սարսափներով մկրտուած. Մերն է նա: Ու հայկական պանթէոնին մէջ մի փառաւոր դէմք է յայտնւում այդ յանկարծական մահով. Մեր Քիյէառը:
ՀՅ Դաշնակցութեան դիւանի «Արխիւները» կը պարունակէ Փիեռ Քիյէառի ստորագրութիւնը կրող բազմաթիւ նամակներ, որոնք բոլորն ալ կը ցոլացնեն իր հարազատ զգացումները հայ ժողովուրդին հանդէպ:
Քաղուած Կարօ Գէորգէանի «Ամէնուն Տարեգիրքը»էն, գրելաոճը պահուած ըստ բնագիրին: