ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կուսակցութեան 120րդ տարեդարձն է, եւ բնական է, որ տարեդարձ բառին հետ անմիջապէս շնորհաւորանքի խօսք ըսելու մղումը ունենանք:
Որո՞ւն ուղղենք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան տարեդարձին առթիւ մեր շնորհաւորական խօսքերը. ո՞վ է այդ խօսքերուն հասցէատէրը:
Ընկերներս անմիջապէս կրնան ըսել՝ հայ ժողովուրդը, որուն ծոցէն ծնած է կուսակցութիւնը: Ուրիշներ կրնան կուսակցական ղեկավար մարմիններու հասցէն յուշել: Ի վերջոյ, կուսակցական շարքերը ներկայացնելու իրաւունքի ու պատասխանատուութեան կրողներն են այդ մարմինները:
Կ՛առաջարկեմ, Դեկտեմբեր 12ին, այն օրը, երբ Լոս Անճելըսի մէջ պիտի տօնակատարուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 120րդ տարեդարձը, դուք ձեր շրջապատին մէջ փնտռէք այս կուսակցութեան ընդմէջէն վաթսուն եւ աւելի տարիներ ազգին ծառայած անձ մը, եւ անոր փոխանցէք ձեր շնորհաւորանքները եւ մաղթանքները:
Դաշնակցութեան աւանդութիւններուն մէջ տիրական է շարքային թէ ղեկավար անձերը իրենց ողջութեան չպատուելու սովորութիւնը: Մենք ալ չենք կրնար չյարգել այդ սովորութիւնը: Սակայն, կուսակցութեան տարեդարձին շնորհաւորանքները փոխանցելով ալեհեր դաշնակցականներու՝ անոնց վաստակը գնահատելու ձեւ մը գտած կ՛ըլլանք, առանց վիրաւորելու իրենց համեստութիւնը:
Մենք երախտապարտ ենք մեր տարեց ընկերներուն, երախտապարտ ենք, որ տասնամեակներով լուռ ու անտրտունջ, նուիրումով ու հաւատքով ծառայած են իրենց ազգին ու հայրենիքին, չեն յոգնած ու կոտրուած, այլեւ միշտ կարգապահ՝ գաղափարական ջահը փոխանցած են նորերուն, երաշխաւորելով կուսակցութեան շարունակականութիւնը:
Հպարտութեամբ եւ խղճի ամենայն հանգստութեամբ, Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութեան օրը, ես իմ տարեց ընկերներուս պիտի փոխանցեմ մեր ժողովուրդի հարազատ զաւակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 120րդ տարեդարձին առթիւ շնորհաւորութիւններս: