ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Յանցանքս ի՞նչ էր: Ինչո՞ւ այս պիտի պատահեր: Ինչո՞ւ այսպէս պիտի ըլլար: Արդեօք ես ի՞նչ ըրի: Մեղքս ի՞նչ էր: Եթէ գիտնամ թէ յանցանքս ի՞նչ էր, միտքս կը հանգստանայ ու խիղճս աւելի կը հանդարտի:
Ինք իր անձին հետ կատարած երկխօսութեան ընթացքին, մարդոց օգտագործած հարցադրումներէն մի քանին են ասոնք պարզապէս, որոնցմէ իւրաքանչիւրին տակ կարելի է զետեղել տասնեակներով նման հարցումներ կամ զանոնք մեկնաբանող այլ նախադասութիւններ:
Յանցանքը միշտ իր անձէն դուրս փնտռելու մարդուն անգիտակից թերութիւնը, այս պարագային ալ կը մղէ զինք, միշտ երեւոյթներէն դատելու պատահարները: Դէպքերուն արտաքին կեղեւը, որ բնականաբար աւելի յստակ տեսնուող մասն է, քան՝ միջուկը, պատճառ կը դառնայ երբեմն անտեղի մեկնաբանութիւններու, որոնք կ՛առաջնորդեն զինք սխալ եզրայանգումներու:
Փոխյարաբերական կեանքը ունի իր ելեւէջները, որոնք ամէնքն ալ մարդ-մարդ կապին սերտ կամ թոյլ մօտեցումներէն կախում ունին առհասարակ: Բարեկամութիւններ երբ հաստատուին մարդոց միջեւ, երբեմն այնպէս կը թուի թէ անոնք յաւիտենական ժամանակով կնքուած դաշինքներ, կամ անդառնալի որոշումներ են: Մանաւանդ տարբեր սեռերու միջեւ ամուսնական կապի համար հաստատուած սիրոյ կամուրջը, անոր ճարտարապետներուն կողմէ կը նկատուի անխորտակելի: Սակայն գիտականօրէն փաստուած սիրահարութեան առթած զօրաւոր զգացումը մարդկային ուղեղին մէջ, երեք տարուան սահմանին մէջ խտացած ըլլալով, սոյն ժամանակամիջոցի սպառումէն ետք, ցարդ օդին մէջ անտեսանելի պարաններով ամրացուած սիրոյ կամուրջը փուլ կու գայ, ահռելի որոտումներու տեղի տալով:
Վերոյիշեալ կացութենէն որոշ չափով կը տարբերի, գործընկերներու միջեւ կնքուած պայմանագրութիւններու պարագան: Այստեղ, երբ սիրոյ անտեսանելի գրիչով չեն արձանագրուիր դաշինքները, ո՛չ ալ սիրտէ սիրտ զգացական կամուրջներ կը նետուին, այլ՝ ուղղակի մելանով, եւ թուղթի կտորի վրայ կը կատարուի գործողութիւնը, կը նշանակէ թէ սկիզբէն իսկ առարկայական, անժխտելի տուեալներ պիտի ըլլան: Ուրեմն, որեւէ դժուարութեան պարագային, երազային վիճակէ արթննալու հարց չի՛ ծագիր, այլ պայմանագրութեան թուղթերը մէջտեղ կը բերուին, կացութիւնը յստակացնելու, եւ հարցը լուծելու համար:
Այսպէս վերջ գտած են բազմաթի՜ւ պայմանագրութիւններ վաճառաշահ քաղաքներու աշխարհահռչակ գործատէրերու միջեւ, որոնք ո՛չ միայն շահոյթին տկարացումը եւ եկամուտին անբաւարար ըլլալը նկատի ունենալով, այլ երբեմն նաեւ անհատական քմահաճոյքի հետեւանքով, վերջ տուած են նախապէս իրենց կնքած մեծ պայմանագրութիւններուն:
Ընտանեկան «պայմանագրութիւններ»ը սակայն, որոնք ամուսնական ուխտով կը կնքուին, յաճախ երկու տարբեր անձերու միջեւ կը դժուարանան հասարակաց գետին հաստատել, հակառակ սիրոյ գործօնին, որ առաջին շրջանին այնքան հեզասահ կը դարձնէ կեանքը, այն պատրանքը տալով սիրող զոյգին, որ «դժուարութիւն» կոչուած եզրը գոյութիւն անգամ չի՛ կրնար ունենալ իրենց կեանքին մէջ:
Ամէն տեսակի համաձայնութիւններուն, ու կնքուած պայմանագրութիւններուն մէջ, թելադրելի կեցուածքն ու մօտեցումը՝ յարգանքն է: Բոլոր ժամանակներուն ալ կրկնուող առածը կ՛ըսէ. յարգէ՛ որ յարգուիս:
Կարելի չէ՛ երեւակայել տրամաբանութիւն ունեցող մէկը, որ ժխտելով այս սկզբունքը, ըսէ թէ ինք առանց յարգանք ընծայելու, կ՛ուզէ միայն յարգուիլ: Անիկա պարզապէս տգէտին մէկը կարելի է հռչակել, եւ անունը արձանագրել ամէն տեղ, իբրեւ քաղաքակրթութենէն անտեղեակ, անբան կենդանի: Իրապէս ալ, հաւասարութեան շատ եզրեր կարելի կ՛ըլլայ այնուհետեւ գտնել այդ երկուքին՝ կենդանիին ու այդպիսի մարդուն միջեւ:
Յարգանքը ըլլալով նաեւ հիմքը ընկերութեան փոխյարաբերական կեանքին, բոլոր պարագաներուն ալ փնտռուած ու գնահատուած վերաբերում կը նկատուի անիկա, գիտակից ու քաղաքակիրթ ընկերութեան մէջ: Ոմանք նոյնիսկ կը խղճան այնպիսի անձերու, որոնք չեն գիտեր թէ ի՞նչ կը նշանակէ ուրիշը յարգել: Սա տգիտութեան ամէնէն խոնարհ ու խղճալի խաւին մտածելակերպն է, որ տակաւին գոյութիւն ունի, երբեմն զարգացած կարծուած մարդոց շրջապատին մէջ: Դրամը անշուշտ վատ գործօն է ասոնց պարագային, երբ արտաքնապէս բարօր կեանքի պայմաններ ստեղծելով, կրնայ այն խաբկանքը տալ, թէ դրամատէրը զարգացած անձ է: Մինչդեռ բազմաթիւ են այն դրամատէրերը, որոնք իրենց անունն անգամ գրել չեն գիտեր, ո՛չ ալ ձախը աջէն կրնան զանազանել: Այսպիսի անձերու դիմաց երբեմն գտնուելով, միտքս կ՛իյնայ մեծ մօրս տուած խրատը, երբ կ՛ըսէր՝ ամէն տեսած անձդ որ մաքուր հագուստ հագած ու փողկապ կապած է՝ չկարծես որ մարդ է…: Անշուշտ իրաւունք ունէր պառաւը այդպէս մտածելու, որովհետեւ մարդուն իսկական մարդ ըլլալը ի յայտ կու գայ, ուրիշը յարգելու պահուն:
Դարձեալ իրաւունք ունին անոնք, որոնք կ՛ըսեն թէ յարգանքն ալ իր չափն ու սահմանը ունի: Ամբողջութեամբ կը բաժնեմ իրենց տեսակէտը, որովհետեւ կեանքի ամէնէն կարեւոր սկզբունքներէն մէկը՝ չափաւորութիւնն է: Չափազանցութիւնը միշտ քանդումի, անիրաւութեան ու մեղքի պիտի առաջնորդէ: Կեանքի մէջ ի յայտ եկող դժուարութիւններէն շատերն ալ յարգանքի չափազանցութենէն յառաջ կու գան, եւ ա՛յդ իսկ է շատերուն յանցանքը. ուրիշին ընծայուած յարգանքը չափազանցել:
Ինչպէ՞ս յանցանք կը դառնայ յարգանքին չափազանցումը:
Յարգանքի չափազանցումին որպէս հետեւանք, յարգողը կը դադրի յարգուողին կողմէ յարգուելէ: Այլ խօսքով, մէկուն յարգանք պէտք է ընծայել այնքան, ինչքան կ՛արժէ ան: Իր արժէքէն աւելի յարգուած մարդը, նախ վարժ չըլլար այդ չափազանցուած յարգանքին, եւ այդ իսկ պատճառաւ կը կորսնցնէ իր անձին վրայ ունեցած հակակշիռը: Անիկա այլեւս սնափառութեամբ համոզում կը գոյացնէ, թէ ինք յարգանքի արժանի անձ է, ուստի փոխանակ համեստանալու եւ ըսելու թէ չի՛ հասկնար թէ ինչո՞ւ զինք այդքան կը յարգեն մարդիկ, կը սկսի աւելի՛ն պահանջել: Անիկա այլեւս անբաւարար կը գտնէ իրեն ընծայած նախկին փառք ու պատիւներդ, եւ Անգլիոյ արքայական տոհմին ընծայուած ժողովրդային թէ պահակագունդի յարգանքները հազիւ յարմար կը գտնէ իրեն համար:
Ինքնաքննական հայեացքով պէտք է նայիլ թէ այս կեանքի ընթացքին որո՞ւ հանդէպ «առատաձեռն» եղած ենք յարգանքի իմաստով, եւ որու՝ ժլատ: Չափաւորութիւնը յարգանքի պարագային խոհեմութիւն կը պահանջէ, որովհետեւ շատերու ձախորդութեան պատճառը՝ յարգանքի մէջ չափը կորսնցնելուն արդիւնքն է: