Իմ գոհունակութիւնը եւ շնորհակալութիւնը կը յայտնեմ բժիշկ Արամ Գարագաշեանին՝ իր բժշկական բարձր գիտելիքներուն եւ հոգատար վերաբերմունքին համար:
Ըլլալով երկար տարիներու իր հիւանդը, ես միշտ հիացած եմ բժիշկին եւ իր անձնակազմին բարձր սպասարկման մակարդակին վրայ: Հարազատ մնալով իր կոչումին, ան միշտ պատրաստ եղած է օգնելու իւրաքանչիւր հիւանդի, երկար ժամանակ տրամադրելով անոր, իր քլինիքի մէջ կամ հեռաձայնով կապ հաստատելու ատեն:
Խորհրդատու է եւ հետեւողական ամէն տեսակի բժշկական հարցերու, հոգեկան կամ ներքին հիւանդութիւններու: Կը լսէ դժուարութիւններդ համբերութեամբ, կը փորձէ գտնել պատասխաններ եւ ցոյց կուտայ ճիշտ ախտորոշման ճամբան:
Շնորհակաիութիւններս մասնաւորաբար Յունիս ամսուն «Memorial» հիւանդանոցին մէջ իր իմ հանդէպ ցուցաբերած հոգատարութեան համար:
ԱՐՓԻՆԷ ԳԱՀՈՒԷՃԵԱՆ