Ֆրեզնոյի գաղութէն հրաւիրեցինք երեք բժիշկներ՝ Արա Սողոմոնեան, Կարօ Խաչիկեան եւ Վան Պօղոսեան զրուցելու համար անոնց հետ: Արա Սողոմոնեանը, շրջանիս մէջ ունի երկու անձնական դարմանատուներ, միաժամանակ ան կ՛աշխատի Հանրային եւ Սրբուհի Ակնէս հիւանդանոցներուն մէջ, իսկ Կարօ Խաչիկեանն ու Վան Պօղոսեանը՝ Քայզըրի մէջ, Կարօն՝ որպէս ներքին հիւանդութիւններու, իսկ Վանը՝ վիրաբուժական գործողութիւններու մասնագէտ:
Հետագային պիտի շարունակենք բժիշկներու հետ մեր հարցազրոյցները, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենանք բոյժքոյրերու հետ:
ԲԺԻՇԿ ԱՐԱ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ

ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Կրնայի՞ք «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն ներկայացնել ձեր կենսագրականը, ո՞ւր ծնած էք, նախնական եւ երկրորդական ուսումները, ո՞ւր ստացած էք, իսկ բժշկութեան համար, ո՞ր համալսարանները յաճախած եւ ի՞նչ վկայականներու արժանացած էք:
ԲԺԻՇԿ ԱՐԱ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ.- Կենսագրականս ներկայացնելէ առաջ, կ՛ ուզեմ շնորհակալութիւնս յայտնել «Ասպարէզ» թերթի խմբագրութեան եւ աշխատակազմին, որոնք գեղեցիկ գաղափարը ունեցած են, հանրութեան ծանօթացնելու նաեւ բժիշկները, ինչպէս նաեւ ձեզ՝ պարոն Սարգիս Փանոսեան, որ հետապնդեցիք մինչեւ որ գլուխ հանեցիք այս հանդիպումը: Բոլոր սրտով բոլորիդ ոյժ եւ կարողութիւն կը ցանկամ:
Ծնած եմ Քէսապի մէջ (Սուրիա), նախնական եւ նախակրթարանի ուսումս, մինչեւ 6րդ դասարան, ստացած եմ տեղւոյն բողոքականներու դպրոցին, ապա՝ Հալէպի գոլեճին մէջ: 1969 Սեպտեմբերին, Ամերիկայի Ֆրեզնօ քաղաքը հաստատուելով, հետեւած եմ Սիթի Գոլեճի եւ Ֆրեզնօ Ըսթէյթի դասընթացքներուն, 1982-83 տարեշրջանին, մէկ տարի դասաւանդած եմ Ֆրեզնօ Ըսթէյթին մէջ, ապա ուսումս շարունակած եմ Գարապեան Բժշկական դպրոցին մէջ եւ վկայական ստացած: Բժշկական փորձառական շրջանս կատարած եմ Ճըրզի եւ Էլիզապէթ քաղաքներուն մէջ չորս տարի
եւ մասնագիտացած ներքին հիւանդութիւններու բուժման մէջ եւ ստացած համապատասխան վկայական:
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Բժշկական ասպարէզի մէջ, ի՞նչ է ձեր մասնագիտութիւնը եւ քանի՞ տարիէ ի վեր կը գործէք:
ԲԺԻՇԿ ԱՐԱ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ.- Ինչպէս յայտնեցի արդէն, մասնագիտացած եմ ներքին հիւանդութեանց մէջ, ի մասնաւորի ծերերու պարագաներուն եւ 1993 թուականէն մինչեւ օրս, այդ ուղղութեամբ կը շարունակեմ աշխատիլ եւ հետազօտութիւններ կատարել:
Եթէ ուզենք տոկոսային ձեւով մասնագիտութիւնս ներկայացնել, ան հետեւեալ պատկերը կը պարզէ. 30 առ հարիւր՝ շաքարախտի մասնագիտութիւն, 20 առ հարիւր՝ մտային հիւանդութիւններուն եւ 50 առ հարիւրը՝ զանազան:
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Անձնական դարմանատուներո՞ւ մէջ կը սիրէք աշխատիլ, թէ ընկերութիւններու կամ հանրային հիւանդանոցներու մէջ, ինչպէս Քայզըր, Սրբուհի Ակնէս:
ԲԺԻՇԿ ԱՐԱ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ.- Ինծի համար հարց չէ, անձնական դարմանատան մէջ կամ հիւանդանոցին մէջ աշխատիլը, Ֆրեզնոյի մէջ, ներկայիս, ունիմ անձնական երկու դարմանատուն, միաժամանակ կ՛աշխատիմ համայնքային եւ Սրբուհի Ակնէս հիւանդանոցներուն մէջ: Կարեւորն ու հիմնականը, հիւանդին ախտաճանաչումը կատարել եւ զայն արագ ձեւով դարմանելն է: Նոյն նուիրումով, ոգիով եւ եռանդով կը մօտենամ, թէ դարմանատանս եւ թէ հիւանդանոցներու հիւանդներուն: Կարեւորը հիւանդն է եւ ոչ վայրը եւ բոլոր ճիգս ի գործ կը դնեմ, հիւանդին կեանքը փրկելու համար:
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Հայ բժիշկները, իրենց բժշկական աշխատանքներու առընթեր, կը զբաղին նաեւ ազգային, եկեղեցական, միութենական եւ դպրոցական գործերով, վերոյիշեալներէն, ո՞րն է ձեր նախասիրութիւնը:
ԲԺԻՇԿ ԱՐԱ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ.- Այո, ունինք բժիշկներ, որ կը զբաղին հանրային-հասարակական աշխատանքներով: Ես անդամ եմ Ֆրեզնոյի ՀՅԴ Սողոմոն Թեհլիրեան կոմիտէութեան, կը մասնակցիմ կուսակցութեան եւ միութիւններու կազմակերպած ձեռնարկներուն, շաբաթուան ընթացքին, «Ասպարէզ» ակումբ կ՛ երթամ եւ կուսակցական ընկերներուս եւ բարեկամներուս հետ ժամանակ կ՛ անցնեմ:
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Կ՛ ըսեն, թէ բժիշկներու կեանքը դժուար է, մանաւանդ հիւանդանոցներու մէջ աշխատողներուն պարագային, ամէն օր հիւանդներու հետ ըլլալ եւ անոնց ֆիզիքական եւ հոգեկան ապրումներուն եւ տառապանքներուն ականատես վկան դառնալը նեղութիւն չի՞ պատճառեր ձեզի. ի՞նչ տրամադրութեամբ եւ զգացումներով կը մօտենաք անոնց, մանաւանդ, երբ գիտէք, թէ անյոյս են ամէն տեսակ դարմանումները:
ԲԺԻՇԿ ԱՐԱ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ.- Այո, բժիշկներուն կեանքը դժուար է բայց նաեւ հաճելի: 17 տարիներու գործունէութեանս ընթացքին, գրեթէ ամէն օր, շատ քիչ բացակայութեամբ, հիւանդներուս այցելած եմ , երբեմն ալ տառապած անոնց ցաւերով, ինչու չէ, նաեւ ուրախացած անոնց ապաքինումով: Երբ զգացած եմ, թէ անյոյս են ամէն տեսակ դարմանում, չեմ յուսահատած, այլ բոլոր բժշկական միջոցները ի գործ դրած, փորձած եմ հիւանդին կեանքը փրկել, հոս կը կայանայ հոգեկան հրճուանքը, երբ գիտես անոր կեանքը քու ձեռքդ է եւ կը փորձես զայն փրկել, հակառակ պարագային, կը տխրիս, նեղութիւն կը զգաս կորուստին համար, սակայն միւս կողմէ, կեանքը պիտի շարունակուի:
Բժշկութիւնը, նուիրում է:
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Անցեալ օր, բարեկամիս հետ կը խօսէինք Ալզայմըրզ հիւանդութեան մասին, կարծեմ հայերէն զառամախտ կ՛ըսեն: Ան ձեզ յանձնարարեց այդ հիւանդութիւնը բուժող որպէս մասնագէտ եւ ըսաւ. Բժիշկ Արա Սողոմոնեանը մեծապէս օգտակար կը հանդիսանայ այդպիսի հիւանդներուն, կրնայի՞ք «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն այդ հիւանդութեան մասին, ձեր փորձառութենէն ստացած, տեղեկութիւններ փոխանցել:
ԲԺԻՇԿ ԱՐԱ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ.- Զառամախտի մասնագէտ չեմ, բայց ինչպէս ըսիք, մեծապէս օգտակար կը հանդիսանամ նման հիւանդներուն: Տարիներու փորձառութեամբ, ձեռք ձգած եմ յաջողութիւններ, դեղերով կարելի է ձեւով մը հիւանդութիւնը դանդաղեցնել եւ մեղմացնել, բայց ոչ ամբողջութեամբ բուժել, 80 տարեկանէն վեր, մարդկութեան 20 տոկոսը, այդ հիւանդութեամբ կը տառապի եւ որքան մարդուն տարիքը յառաջանայ, այդքան հիւանդութիւնը կը ծանրանայ:
Զառամախտը ժառանգական է, սակայն հիւանդանալու հաւանականութիւնը քիչ է այն անձերուն, որոնք մտային աշխատանքներ կը կատարեն:
Այս հիւանդութեան մասին ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին, վստահ եմ, մօտ ապագային պիտի կրնան առաջքը առնել:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Կրնայի՞ք «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն ձեր կենսագրական հիմնական կէտերըը ներկայացնել:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Ծնած եմ Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը, 1970 ին: Նախնական կրթութիւնս ստացած եմ Հալէպի Սահակեան եւ Քուէյթի Ազգային վարժարաններուն մէջ, իսկ Միջնակարգն ու Երկրորդականը՝ Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարան:
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Քարէն Եփփէ ճեմարանը աւարտելէ ետք, բժշկութեան համար, ո՞ր համալսարանը յաճախեցիք:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Ճեմարանի դասընթացքը աւարտելէ ետք, վեց տարի ուսումս շարունակեցի Հալէպի Պետական համալսարանի բժշկական հիմնարկին մէջ, ինչպէս նաեւ նոյն համալսարանի հիւանդանոցին մէջ, հետեւեցայ ընդհանուր վիրաբուժութեան մասնագիտութեան քառամեայ դասընթացքներուն եւ յաջողութեամբ աւարտեցի զանոնք՝ 1999 ին:
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Ո՞ր թուականին Ամերիկա հաստատուեցաք եւ ո՞ր համալսարանները յաճախեցիք ձեր մասնագիտութիւններուն համար:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- 2000 թուականին, Ամերիկա հաստատուեցայ եւ պատրաստուեցայ բժշկական վկայականի համազօր ամերիկեան վկայականի քննութիւններուն (USMLE1, ECMG-CSA եւ USMLE2-CK) եւ 2002ին յաջողութեամբ աւարտեցի, իսկ 2002- 2007 տարիներուն Նիւ Եորքի The Brooklyn Hospital Centerի մէջ, մասնագիտացայ ընդհանուր վիրաբուժութեան ճիւղին մէջ:
2007-2008 տարեշրջանին, East Carolina University-էն (Greenville NC) ստացայ գիտութեան եւ նուազագոյն միջամտութեամբ գործողութիւններու յաւելեալ մասնագիտութիւն ( Bariatric and Minimally Invasive Sergery ) ապա նոյն տարուան Հոկտեմբերին, մասնակցեցայ
American Board of Surgery-ի քննութիւններուն:
2008էն ի վեր կ՛աշխատիմ Ֆրեզնոյի Քայզըր հիւանդանոցին մէջ, որպէս ընդհանուր եւ գիրութեան ու նուազագոյն միջամտութեան գործողութիւններու մասնագէտ բժիշկ:
Ինչ կը վերաբերի հանրայի ծառայութեան, երկար տարիներ եղած եմ Քարէն Եփփէ ճեմարանի շրջանաւարտիցի անդամ, գործօն անդամ Հալէպի Հայ համալսարանականներու միութեան, ինչպէս նաեւ անդամակցած եւ մասնակցած Սուրիոյ Կարմիր Խաչի աշխատանքներուն: Սուրիոյ գիւղական շրջաններու բնակչութեան բժշկական ծառայութիւններ մատուցած եմ:
Ամուսնացած եմ եւ բախտաւորուած ենք երկու մանչ եւ մէկ աղջիկ զաւակներով:
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՕ ԽԱՉԻԿԵԱՆ
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Կրնայի՞ք «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն ներկայացնել ձեր կենսագրականը:

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՕ ԽԱՉԻԿԵԱՆ.- Ծնած եմ 1964, Հոկտեմբեր 17 ին: Մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիներս անցուցած եմ Պուրճ Համուտի մէջ (Լիբանան), նախնական եւ երկրորդական ուսումս ստացած եմ Վահան Թէքէեան, Շամլեան Թաթիկեան եւ Էշրեֆիէի Հայ Աւետարանական վարժարաններուն մէջ եւ մասնակցած պետական պաքալորիայի քննութեան, ապա, 1983 ին, Երեւանի մէջ, հետեւած եմ Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանի եօթնամեայ դասընթացքներուն: Ուսանողական վերջին տարիներուն, ականատես եղայ 1988ի Մեծ Երկրաշարժին եւ իմ մասնակցութիւնս բերի փրկարար աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղեան Շարժման ուսանողական աշխոյժ գործունէութեան:
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Մխիթար Հերացիի անուան բժշկական համալսարանը աւարտելէ ետք, մասնագիտութեան համար, ո՞ր համալսարանը յաճախեցիք:
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՕ ԽԱՉԻԿԵԱՆ.- 1991ին, համալսարանի դասընթացքը աւարտելէ ետք, նախ Պէյրութ գացի եւ յաջորդ տարին մեկնեցայ Ամերիկա եւ Պալթիմոր քաղաքին մէջ, հաստատելու համար Երեւանի համալսարանին վկայականս, հետեւեալ բժշկական քննութիւնները կատարեցի. USMLE առաջին եւ երկրորդ հանգրուանները, ինչպէս նաեւ FLEX առաջին եւ երկրորդը, ապա տարի մը աշխատեցայ Պալթիմորի Johns Hopkins հիւանդանոցին մէջ, միաժամանակ աշխատանքիս առընթեր հետազօտական ուսումնասիրութիւններ կատարեցի Basic Cardialogy բնագաւառին մէջ, իսկ մասնագիտութեան համար, հետեւեցայ New York-ի Our Lady of Mercy համալսարանի Medical Center եռամեայ մասնագիտական ուսումնաաշխատանքային գործընթացին եւ ստացայ ներքին հիւանդութիւններու մասնագէտի վկայականը:
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Բժշկական ասպարէզին մէջ, ի՞նչ էր ձեր նախասիրութիւնը:
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՕ ԽԱՉԻԿԵԱՆ.- Հակառակ, որ կը սիրեմ մասնագիտութիւնս, սակայն ուսանողական տարիներէս սկսեալ երազանքս եղած է մանկաբարձ եւ կանանց հիւանդութիւններու մասնագէտ դառնալ, բայց պարագաները այսպէս բերին:
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Ամերիկայի մէջ, բացի վերոյիշեալ հիւանդանոցներէն, այլ տեղեր աշխատա՞ծ էք, ներկայիս ո՞ւր կ՛աշխատիք, գո՞հ էք ձեր աշխատանքէն:
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՕ ԽԱՉԻԿԵԱՆ.- 1996 ին, Մինեսոթա նահանգին մէջ, 10 տարի աշխատեցայ, որպէս ներքին հիւանդութիւններու մասնագէտ-բժիշկ, ներկայիս նոյն պաշտօնով կ՛աշխատիմ Ֆրեզնոյի Քայզըր հաստատութեան մէջ. գոհ եմ աշխատանքի պայմաններէն:
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Ամուսնացա՞ծ էք:
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՕ ԽԱՉԻԿԵԱՆ.- Պատասխանելէ առաջ, նախ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Ասպարէզ»ին, որ կը մտածէ նաեւ հայ բժիշկներուն մասին եւ զանոնք կ՛ուզէ ծանօթացնել գաղութիս: Լաւագոյն մաղթանքներ եւ յաջողութիւններ կը մաղթեմ ձեզի:
Այո, ամուսնացած եմ, բժշկուհի Նունէ Պետրոսեանին հետ եւ բախտաւորուած ենք երկու մանչ զաւակներով՝ Սարգիս եւ Նարեկ: