Բժիշկ Գալինճեան Կը Շեշտէ Կրթութեան Կարեւորութիւնը

ԿԱՏԻԱ ՔՈՒՇԵՐԵԱՆ.- Յարգելի բժիշկ, որեւէ մասնագիտութեան տէր անձի, անոր արձանագրած յաջողութիւններուն մասին աւելի լաւ եւ ամբողջական պատկերացում կարելի չէ կազմել, առանց անդրադառնալու անոր ընտանիքին եւ դպրոցական տարիներուն, երբ կը ձեւաւորուի մարդը, եւ այս պարագային նաեւ հայ մարդը: Ուստի, կը խնդրենք ամփոփ կերպով անդրադառնաք ձեր կեանքի այդ շրջանին:
ԲԺԻՇԿ ԳՐԻԳՈՐ ԳԱԼԻՆՃԵԱՆ.- Անտարակոյս, իւրաքանչիւր անհատի սկզբնական ձեւաւորումը կը սկսի ընտանիքէն, ուր ան ուղղութիւն կը ստանայ, կ՛առաջնորդուի եւ կը խրախուսուի: Իմ ընտանիքս ամէն ձեւով նպաստած է, որ ես կեանքի մէջ յաջողիմ: Ծնած եմ Պէյրութ, Լիբանան, 1960 թուականին: Սիսեցի հօր եւ չորք մարզպանցի մօր անդրանիկ զաւակն եմ, ունիմ եղբայր մը եւ քոյր մը: Մեր ընտանիքի պատմութիւնը տարբեր չէ ցեղասպանութեան ենթարկուած այլ ընտանիքներու պատմութենէն: Մօրական մեծ հայրս որբ եղած է, մեծցած է ֆրանսական որբանոցի մէջ, կռուած է ֆրանսացի զինուորներու հետ միասին:
Ծնած եմ բարեկեցիկ ընտանիքի մէջ, հայրս եւ հօրեղբայրս փուռի սեփականատէր եղած են Պէյրութի մէջ: Այս պարագան օգնած է, որ ծնողքս կարողանայ ապահովել իրենց զաւակներուն ապրուստի եւ կրթութեան հարցերը: Մայրս ուսուցչուհի եղած է եւ հետամուտ, որ իր զաւակները լաւ կրթութիւն ստանան: Մենք շատ ենք երախտապարտ մեր ծնողքին:
ԿԱՏԻԱ ՔՈՒՇԵՐԵԱՆ.- Ինչպիսի՞ն են եղած ձեր հետաքրքրութիւնները մանկական եւ պատանեկան տարիներուն, եւ ինչո՞ւ էք ընտրած բժիշկի այնքան պատասխանատու, դժուարին եւ միաժամանակ շնորհակալ աշխատանքը:
ԲԺԻՇԿ ԳՐԻԳՈՐ ԳԱԼԻՆՃԵԱՆ.- Մեծ սէր ունեցած եմ մարզանքի հանդէպ: Մարզական աշխարհը միշտ գլխաւոր տեղ է գրաւած իմ հետաքրքրութիւններուս շրջանակին մէջ: Ոչ միայն հետաքրքրուած եմ մարզական նորութիւններով, այլեւ գործուն մասնակցութիւն ունեցած եմ տարբեր մարզաձեւերու մէջ, ինչպէս թենիս, պասքեթպոլ, ֆութպոլ, փինկ փոնկ եւ բազմաթիւ անգամներ մրցանակներու արժանացած եմ: Առ այսօր մեծապէս հետաքրքրուած եմ մարզաձեւերով:
Ինչ կը վերաբերի բժշկութեան, ինչպէս արդէն նշեցի, մեր գերդաստանի մէջ շատ բժիշկներ են եղած, եւ ես շատ փոքր տարիքէս սէր ունեցած եմ բժշկութեան հանդէպ եւ մեծ փափաք՝ բժիշկ դառնալու:
ԿԱՏԻԱ ՔՈՒՇԵՐԵԱՆ.- Անդրադառնալով ձեր ընտրած մասնագիտութեան, հետաքրքրական է իմանալ ձեր ստացած նախնական եւ բարձրագոյն կրթութեան ընթացքի մասին: Ուսումնական ո՞ր հաստատութիւններու մէջ էք ամբողջացուցած ձեր ուսումնառութիւնը: Ցեղասպանութենէն ճողոպրած արեւմտահայութիւնը, ի պատիւ իրեն, ամէն զոհողութիւն յանձն առած է, որպէսզի օտարութեան մէջ հասակ առնող նոր սերունդը կրթութիւն ստանայ, եւ հայ մեծնայ: Այսօր ականատես ենք, որ այդ ջանքերը տուած են իրենց պտուղները, եւ մեր գաղութները օժտուած են գիտութեան եւ մշակոյթի որակաւոր մասնագէտներով, որոնցմէ մhկը դուք էք, որոնք կը սպասարկէք մեր ժողովուրդին:
ԲԺԻՇԿ ԳՐԻԳՈՐ ԳԱԼԻՆՃԵԱՆ.- Նախնական կրթութիւնս ստացած եմ Լիբանան, Հազմիէի Մխիթարեան դպրոցին մէջ, ապա յաճախած եմ Պէյրութի Մեսրոպեան վարժարանը, իսկ վերջին տարին ուսանած եմ Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ, դարձեալ Լիբանան:
Բարձրագոյն կրթութիւնս շարունակած եմ Իտալիոյ Փատովա քաղաքի համալսարանի բժշկական բաժինը, ուսանած եմ «թերափի», շուրջ տասնամեակ մը: Փատովան (Padova) Իտալիոյ հիւսիսը գտնուող կարեւոր երթեւեկի հանգոյց մըն է, նշանաւոր դեռեւս Վերածնունդի ժամանակներէն որպէս արուեստի խոշոր կեդրոն իր բազմաթիւ ճարտարապետական յուշարձաններով, որոնցմէ մէկն է համալսարանը, որուն շինարարութիւնը սկսած է միջնադարուն:
Ինչպէս նշեցի, բժշկութեան հանէպ սէր ունեցած եմ փոքր տարիքէս: Այդ սէրն է, որ կ՛օգնէ իմ ամէնօրեայ աշխատանքիս մէջ, միշտ հիւանդներու կարիքներուն հասնելու եւ պարտականութեանս գլուխը գտնուելու, որովհետեւ բժիշկին համար ոչ հանգիստի, ոչ ալ տօնական օրեր կան: Ես գոհ եմ, որ կրնամ օգտակար ըլլալ մարդոց:
ԿԱՏԻԱ ՔՈՒՇԵՐԵԱՆ.- Ձեր ուսումը աւարտելէ ետք ո՞ւր աշխատած էք իբրեւ բժիշկ:
ԲԺԻՇԿ ԳՐԻԳՈՐ ԳԱԼԻՆՃԵԱՆ.- Համալսարանական կրթութիւնս աւարտելէ ետք աշխատանքի անցած եմ ԱՄՆի Pensylvania նահանգի Hanniman University-ի մէջ: 2003ին տեղափոխուած եմ Լոս Անճելըսի Presbyterian հիւանդանոց, ուր կ՛աշխատիմ առ այսօր:
ԿԱՏԻԱ ՔՈՒՇԵՐԵԱՆ.- Բժիշկի մասնագիտութինը ամենադժուար մասնագիտութիւններէն մէկն է, դուք տեսակ մը զինուոր էք, որ իր թիկունքին իր ընտանիքին մշտական զօրակցութեան կարիքը ունի, ուստի հետաքրքրական է իմանալ ձեր ընտանիքի մասին:
ԲԺԻՇԿ ԳՐԻԳՈՐ ԳԱԼԻՆՃԵԱՆ.- Ընտանիքը, ոչ միայն իմ մասնագիտութեանս պարագային, այլեւ ընդհանրապէս մեծ դեր կը խաղայ անձի մը կեանքին մէջ: Ընտանիքը կը խրախուսէ, կ՛օժանդակէ եւ գիտակից մօտեցում կը ցուցաբերէ, որ շատ կարեւոր է յաջողութեան հասնելու համար: Կինս մասնագիտութեամբ նոյնպէս բժիշկ է, որ այս պարագային կարեւոր դեր կը խաղայ: Երկու զաւակ ունինք, վեց տարեկան աղջիկ մը եւ չորս տարեկան տղայ մը, որոնք իմ հոգածութեանս կարիքը ունին այսօր:
ԿԱՏԻԱ ՔՈՒՇԵՐԵԱՆ.- Presbyterian հիւանդանոցի մէջ գտնուող բժշկական ձեր գրասենեակին մէջ հիւանդին առաջին ծանօթութիւնը եւ շփումը կը սկսի այդ գրասենեակի անձնակազմէն, որոնց մասնագիտական, բարեացակամ եւ սրտցաւ մօտեցումը բժիշկէն եկող խնամքին առընթեր շատ կարեւոր դեր կը խաղայ: Այս մէկը կարող են վկայել ձեզ այցելող բազմաթիւ հիւանդներ:
ԲԺԻՇԿ ԳՐԻԳՈՐ ԳԱԼԻՆՃԵԱՆ.- Իմ բժշկական գործունէութեանս մէջ արձանագրած յաջողութիններուս մէջ իրենց մեծ բաժինը ունին Քնարիկ Գազանճեան, որ իր մասնագիտական բարձրորակ պատրաստուածութեամբ, համբերութեամբ եւ քաղաքավարութեամբ կը պատասխանէ բոլոր հիւանդներուն, հեռաձայնով եւ այլապէս: Մեր գրասենեակի միւս աշխատակիցը՝ Յասմիկ Գէջէկուշեան, նոյնպէս բարձրորակ եւ ազնիւ մասնագէտ մըն է. ես խորապէս կը գնահատեմ իրենց երկարամեայ ներդրումը մեր ընդհանուր գործին մէջ եւ շնորհակալ եմ իրենց: Գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսք ունիմ նաեւ վերջերս մեզ միացած Նարինէ Նազարեանին՝ իր օգտաշատ մասնակցութեան համար:
ԿԱՏԻԱ ՔՈՒՇԵՐԵԱՆ.- Ամերիկեան կամ հայկական ի՞նչ կազմակերպութիւններու կ՛անդամակցիք: Նաեւ ի՞նչ պիտի փափաքէիք ըսել այսօրուայ հայ երիտասարդ սերունդին եւ անոնց ծնողներուն:
ԲԺԻՇԿ ԳՐԻԳՈՐ ԳԱԼԻՆՃԵԱՆ .- Ուսումնառութեան երկար տարիներս, դժբախտաբար, այդ հնարաւորութիւնը չեն ընձեռած, սակայն պատանեկութեանս տարիներուն անդամակցած եմ Հայ Կաթողիկէ Միութեան, եղած եմ սկաուտ:
American Board of Californiaի եւ American Board of Internal Medicineի քննութիւններէն անցած եմ, Presbyterian հիւանդանոցի մէջ եղած եմ Medical Executive Boardի անդամ եւ ատենապետ:
Թէեւ հայկական կազմակերպութիւններու անդամ չեմ, սակայն միշտ կ՛օգնեմ իրենց, իսկ զաւակներս ՀՄԸՄի անդամ են եւ կը յաճախեն Մարիամեան-Դաւիթեան դպրոց, որու համար հոգեկան գոհունակութիւն ունիմ:
Իսկ հայ նոր սերունդին եւ իրենց ծնողքին կ՛ուզեմ ըսել, որ ճիշդ դաստիարակութիւն տան իրենց զաւակներուն, թանկարժէք մեքենաներ, շքեղ բնակարաններ ունենալու, ժամանակաւոր հարստութեան փոխարէն, անոնց մղեն ձգտելու ազնիւ ճանապարհով ձեռք բերուած համեստ ու բարեկեցիկ կեանքի, որուն տանող միակ ճանապարհը կրթութիւնն է, եւ պիտի կրկնեմ՝ դարձեալ կրթութիւնը: